Որոնել

Մարիամին Վերափոխումը այո՛ մըն է` որ պատմութիւնը կը փոխէ. Լեւոն ԺԴ.-ի վերափոխման տօնի քարոզը

15 օգոստոսի առաւօտեան ժամը տասին, Քասթել Կանտոֆոյի Վիլլանովայի Սուրբ Թովմաս Ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ Սրբազան Պապը գլխաւորեց տօնին նուիրուած Սուրբ Պատարագը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Կոյս Մարիամի Վերափոխման տօնին առիթով Լևոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Ուրբաթ` 15 օգոստոսի առաւօտեան ժամը տասին, Քասթել Կանտոֆոյի Վիլլանովայի Սուրբ Թովմաս Ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորեց տօնին նուիրուած Սուրբ Պատարագը:

Եկեղեցին կը գտնուի ճիշտ Առաքելական Պալատի մուտքին գտնուող հրապարակի տարածքին եւ Սրբազան Պապը այնտեղ հասաւ քալելով մինչ հազարաւոր ուխտաւորներ զին դիմաւորեցին հրապարակին վրայ ուր աւելի ուշ Ան պիտի արտասանէ Մարեմեան աղօթքը։

Սուրբ Զոհին ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուցած քարոզը կեդրոնացուց Տիրամօր տիպարին եւ քրիստոնէական յոյսին վրայ։

Մեր պատմութիւնը Նազովրեցի Մարիամին մէջ կը գտնուի

«Այսօր կիրակի չէ, բայց մենք այլ կերպով կը յիշենք Յիսուսին Զատիկը, որ փոխեց պատմութիւնը։ Նազովրեցի Մարիամի մէջ կայ մեր պատմութիւնը, պատմութիւնը Եկեղեցւոյ` որ խորասուզուած է մեր ընդհանրական մարդկութեան մէջ։ Անոր մէջ մարմնաւորուելով՝ կեանքի և ազատութեան Աստուածը յաղթեց մահուան... Խաչին վրայ յաղթեց վստահութիւնը, յաղթեց սէրը որ կը տեսնէ այն ինչ որ տակաւին չկայ, յաղթեց ներումը», ըսաւ Լեւոն ԺԴ. քարոզին սկիզբը հաստատելով` որ «այդ Խաչին տակ կար նաեւ Մարիամ` միացած ի զաւկին» ու «մենք այսօր կարող ենք յայտնատեսութիւնը ունենալ` որ Մարիամը մենք ենք, մենք` երբ փախուստ չենք տար, մենք ենք երբ մեր «այոյով» պատասխան կու տանք անոր «այոյին»։ Մեր ժամանակներու մարտիրոսներու մէջ, հաւատքի, արդարութեան, խոնարհութեան ու խաղաղութեան վկաներուն մէջ, այդ այոն այսօր եւս կ՛ապրի եւ կը շարունակէ հակազդել մահուան։ Եւ այսպիսով այս ուրախութեան օրը կը դառնայ յանձնառութեան օր` ընտրելու համար ինչպէս եւ որուն համար ապրիլ» յարեց Սրբազան Պապը։

Յարութիւնը վստահելի խոստում

Մարիամը արդարեւ նշանն է մեր ճակատագրին քանի, որ իր մէջ է որ մարդկութիւնը կը հաւատայ և կը փորձարկէ թէ Յարութիւնը բացառութիւն մը չէ, այլ վստահելի խոստում։ Մարիամը մեզ կը կանխէ հաւատքի ճանապարհին վրայ եւ անոր «այո»-ի մէջ մենք ուժ կը գտնենք նորոգելու համար մեր հաւատքը։

«Երկրի վրայ իւրաքանչիւր պատմութիւն, նոյնիսկ Աստուածածնայ պատմութիւնը, կարճ է և կ՜աւարտի, սակայն ոչ մէկ բան կը վատնուի։ Այսպիսով, երբ կեանքը իր աւարտին կը հասնի անոր եզակիութիւնը աւելի պայծառ կերպով կը փայլի» ըսաւ ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ. ակնարկելով օրուան աւետարանական հատուածին, որուն մէջ Ղուկաս Աւետարանիչը կը պատմէ Մարիամին Եղիսաբեթին տուած այցելութեան դրուագը ու Սուրբ Կոյսին արտասանած «Մեծացուսցէն» որ «միայն փառաբանութեան երգ մը չէ զոր Եկեղեցին կը շարունակէ կրկնել նաեւ այսօր, այլ նոր պատմութեան մը մարգարէութիւնը»։ Մարիամն ու Եղիսաբեթը արդարեւ կը դառնան յոյսի մը վկաները` որ կը բանայ չսպասուած ուղիներ։

Մարիամի Մեծացուսցէն 

Մարիամին երգը՝ Անոր «Մեծացուսցէն», կ՛ ամրապնդէ խոնարհներու, քաղցածներու և Աստուծոյ աշխատասէր ծառաներու յոյսը։ Անոնք Երանութիւններու կիներն ու մարդիկն են, որոնք նոյնիսկ նեղութեան մէջ արդէն կը տեսնեն անտեսանելին՝ հզօրները, որոնք տապալած են իրենց գահերէն, հարուստները, որոնք մնացած են դատարկ ձեռքերով եւ Աստուծոյ խոստումները կատարուած.... Երբ կապեր կը ձևաւորուին, որով չարին կը հակադրենք բարիով, մահուան՝ կեանքով, այդ պահուն մենք կը տեսնենք, որ «Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ» (Ղուկաս 1։37), յարեց ապա Սրբազան Պապը եւ զգուշացուց ծերացած հաւատքի մը վտանգէն ապա վեր առաւ աղքատ ու հալածուած քրիստոնեայ հասարակութիւնները, խաղաղութեան գործիչները ու ողորմութեան վկաները, որոնք «Եկեղեցւոյ ուրախութիւնն են ու գալիք թագաւորութեան երախայրիքը։

Ընտրել կեանքը

Նորին Սրբութիւնը առ այդ զօրեղ հրաւէր ուղղեց ընտրելու միշտ կեանքը նոյնիսկ երբ այս մէկը վտանգաւոր եւ անխոհեմ կը թուայ։

«Քանի՞ ձայներ միշտ այնտեղ կանգնած, մեզի կը փսփսան. «Ինչո՞ւ կ՛ընես այդ մէկը։ Մոռցիր։ Մտածէ քու սեփական շահերոդն»։ Ասոնք մահուան ձայներ են։ Մենք, սակայն, Քրիստոսի աշակերտներ ենք։ Անոր սէրն է, որ մեզ՝ մարմնով ու հոգով, կը մղէ մեր ժամանակներուն մէջ։ Եւ ճիշտ այս է, միայն այս է, որ կը տարածէ կեանքը և յաղթանակ կը պարգևէ։ Մեր յաղթանակը մահուան նկատմամբ կը սկսի այժմէն սկսեալ» եղան Քահանայապետին արտասանած քարոզին եզրափակիչ խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/08/2025, 10:30