Վարել ու տարածել սիրոյ վերափոխիչ կրակը. Լեւոն ԺԴ. Պապին Ալպանոյի մէջ արտասանած քարոզը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Եղբայրութեան եւ հոգեւորականութեան մթնոլորտի մը մէջ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Կիրակի 17 օգոստոս 2025-ի առաւօտեան Ալպանոյի «Santa Maria Rotonda» սրբավայրին մէջ մատուցեց կիրակնօրեայ պատարագը մասնակցութեամբ Ալպանօ Թեմի և Քարիթասի աշխատակիցներու կողմէ խնամուած աղքատներուն։
Այս առիթով իր արտասանած քարոզին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց կիրակնօրեայ Սուրբ Հաղորդութեան գեղեցկութիւնը, որ մեզ կը միացնէ ու կ՛ոգեւորէ, մխիթարութիւն պարգեւելով անոր` որ այնտեղ կը ժամանէ իր յոգնութիւններով եւ վախերով։
Միասին ըլլալու ուրախութիւնը
«Միասին ըլլալը ուրախութիւն է, և կիրակնօրեայ Սուրբ Հաղորդութիւնը տօնելը մեզի աւելի խոր ուրախութիւն կու տայ։ Եթէ այսօր մօտ ըլլալը և հեռաւորութիւնը յաղթահարելը՝ մէկը միւսին աչքերուն մէջ նայելով, որպէս իսկական եղբայրներ և քոյրեր, արդեն իսկ պարգև է, ապա աւելի մեծ պարգև է մահը յաղթել Տիրոջ մէջ։ Յիսուս յաղթեց մահին՝ կիրակին Անոր օրն է, Յարութեան օրը, և մենք արդեն սկսած ենք մահը յաղթել Անոր հետ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը քարոզին սկիզբը մատնանշելով, թէ ինչպէս Եկեղեցի գալով մեզմէ իւրաքանչիւրը ինքզինք կը զգայ նուազ առանձին։
Ան ակնարկեց ապա Սրբավայրին` որ կը ներկայանայ կլորաձեւ, նման Սուրբ Պետրոս հրապարակին, որ կ՛ողջագուրէ բոլորը ու մեզ զգալ կու տայ հիւրընկալուած Աստուծոյ գիրկին մէջ։
Եկեղեցին կը ծնի ոչ թէ աշխարհիկ զօրութեան մը միջոցաւ այլ սիրոյ առաքինութեամբ
«Եկեղեցւոյ աստուածային իրականութիւնը կը յայտնուի երբ մենք կը հատենք Եկեղեցւոյ շեմը ու կը գտնենք հիւրընկալութիւն։ Այդ պահուն մեր աղքատութիւնը, մեր դիւրաբեկութիւնը ու մասնաւորապէս մեր ձախողութիւնները` որոնց համար կարող ենք արհամարհուիլ կամ դատուիլ, վերջապէս ընկալուած են Աստուծոյ անուշ զօրութեան մէջ, սէր մը, որ հարթ է և անվերապահ» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը մատնանշելով` որ «Մարիամը` Յիսուսին մայրը մեզի համար նշան է Աստուծոյ կանխագուշական մայրութեան, որուն մէջ մենք կը դառնանք մայր Եկեղեցի մը` որ կը ծնի ոչ թէ աշխարհիկ զօրութեան մը միջոցաւ այլ սիրոյ առաքինութեամբ»։
Խաղաղութիւնս ձեզի կու տամ, ոչ թէ ինչպէս աշխարհը կու տայ
Ապա ակնարկելով օրուան Աւետարանական հատուածին (Ղուկ. 12,51) Նորին Սրբութիւնը նշեց. «Գուզէ՝ մեզ կը զարմացնէ այն, ինչ որ Յիսուս կ՛ըսէ մեր կարդացած Աւետարանին մէջ։ Մենք խաղաղութիւնը կը փնտռենք բայց լսեցինք` որ Յիսուս ըսաւ. «Դուք կը Կարծէք՝ որ ես եկած եմ երկրի վրայ խաղաղութիւն բերելու։ Ո՛չ, կ՛ըսեմ ձեզի, այլ՝ բաժանում»։ Եւ մեր պատասխանը կարծես պիտի ըլլար. «Բայց ինչպէ՞ս, Տե՛ր։ Դու՞ն ալ։ Մենք արդեն չափազանց շատ բաժանումներ ունինք։ Մի՞թէ դուն չէիր, որ Վերջին ընթրիքի ժամանակ ըսիր «Խաղաղութիւնս կը թողում ձեզ, իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի»։ «Այո՛,- կարող է պատասխանել Տէրը,- ես եմ։ Յիշեցէք, սակայն, որ այդ երեկոյեան, իմ վերջին երեկոն, ես խաղաղութեան վերաբերեալ անմիջապէս աւելցուցի. «Խաղաղութիւնս ձեզի կու տամ, ոչ թէ ինչպէս աշխարհը կու տայ։ Թող ձեր սրտերը չխռովին և չվախնան» (հմմտ. Յովհ. 14։27)։
Արի սէր` որ պատրաստ է զոհուելու միւսներուն համար
Սիրելի բարեկամներ, աշխարհը մեզ կը վարժեցնէ խաղաղութիւնը փոխարինելու հանգստութեան հետ, բարին անդորրութեան հետ եւ որպէսզի Յիսուսին խաղաղութիւնը մեր մէջ հաստատուի Ան մեզի պէտք է ըսէ. «եկած է կրակ բերելու երկրի վրայ եւ որքան կ՛ուզէի` որ անիկա արդեն բռնկած ըլլար (Ղուկ. 12,49)։
Այս կրակը կը ներկայացնէ արի սէրը, որ պատրաստ է զոհուելու միւսներուն համար։ Սէր` որ գուցէ բաժանումներ յառաջացնէ բայց եւ այնպէս անհրաժեշտ է` իսկական խաղաղութիւն մը հաստատելու։
Եկեղեցւոյ մէջ բոլորն ալ աղքատ ու թանկարժէք են
Պատարագն ու Սուրբ Հաղորդութիւնը մեզ կը սնուցեն այս արի սիրով, մեզ հրաւիրելով չապրելու մենք մեզի համար, այլ աշխարհ տանելու կերպարանափոխիչ կրակ մը։ «Ոչ թէ զէնքի կրակը, ոչ ալ խօսքերու կրակը, որոնք միւսները կ՛այրեն։ Ոչ։ Այլ սիրոյ կրակը, որ կը խոնարհի և կը ծառայէ, որ անտարբերութեան կը հակադրէ խնամքով և ամբարտաւանութեան հեզութեամբ. բարութեան կրակը, որ զէնքի չափ թանկ չէ, բայց ազատօրէն կը նորոգէ աշխարհը» ըսաւ Սրբազան Պապը ու շնորհակալութիւն յայտնեց Թեմի եպիսկոպոսին ու Թեմի մէջ աշխատող կամաւորներուն` որոնք յանձնառու են «սիրոյ կրակը տարածելու» ու քաջալերեց զանոնք յաղթահարելու բոլոր տարբերութիւնները ու զանազանութիւն չդնելու օգնողին եւ օգնութիւնը ստացողին միջեւ, որովհետեւ «Եկեղեցւոյ մէջ բոլորն ալ աղքատ ու թանկարժէք են, եւ իւրաքանչիւրը Աստուծոյ խօսքին կրողն է եւ պարգեւ միւսին»։
Վար առնել պատնէշները` միայն միասին մենք կը դառնանք Քրիստոսի մարմին
«Վար առնենք պատնէշները» յարեց ապա Լեւոն ԺԴ. ու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց` որոնք կը գործեն քրիստոնեայ հասարակութիւններուն ներքոյ դիւրացնելու տարբեր ծագում ունեցող մարդոց միջեւ հանդիպումը, կը կառուցեն ընդելուզող հասարակութիւններ, որոնք կարող են ընկալել դիւրաբեկութիւնը եւ տարբերութիւնը։
«Միայն միասին, միայն մէկ Մարմին դառնալով, որուն նոյնիսկ ամենախոցելիները կը մասնակցին լիակատար արժանապատուութեամբ, մենք կը դառնանք Քրիստոսի Մարմին` Աստուծոյ Եկեղեցի, եւ այս կը պատահի երբ Յիսուսին բերած կրակը կ՛այրէ նախապաշարումները, վախերը եւ զգուշացումները», յարեց հուսկ Սրբազան Պապը յորդորելով Տէրը չձգել մեր եկեղեցիներէն, տուներէն ու մեր կեանքէն դուրս, այլ թոյլ տալ` որ Ան մուտք գործէ այդ վայրեր, աղքատներուն միջոցաւ, որովհետեւ «զանոնք ընկալելով է` որ մենք կ՜ընդունինք մեր ներքին աղքատութիւնը»։
Ռոթոնտայի Տիրամաղրը աղօթէ մեզի համար
Քահանայապետը քարոզը աւարտեց բոլորը յանձնելով Մարիամի հովանիին, քնքշութեան եւ արիութեան Մօր։
«Թող Աստուածածին Մարիամը, որ լսեց, թէ ինչպէս ծերունի Սիմոնը իր որդին՝ Յիսուսը, մատնացոյց ըրաւ որպէս «հակասութեան նշան» (Ղուկաս 2։34), բարեխօս ըլլայ մեզ համար։ Թող մեր սրտերուն մտածումները բացայայտուին, և թող Սուրբ Հոգիին կրակը զանոնք քարէ սրտերէ վերածէ մարմնաւոր սրտերու» ըսաւ Քահանայապետը հայցելով որ Ռոթոնտայի Տիրամայրը աղօթէ մեզի համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
