Լեւոն ԺԴ. Պապին մօր մը նամակին պատասխանը. Անորոշութեան դէմ պայքարելու համար Մարիամին վստահիր ։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Փիացցա Սան Փիեթրօ» ամսաթերթին նոր թիւին մէջ հրապարակուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին այդ նոյն ամսաթերթին միջոցաւ, Լաուրա» անունով մօր մը Իրեն ուղարկուած նամակին պատասխանը։ Մայրը կիսած է իր ապրած հաւատքի դժուարութիւններն ու ուրախութիւնները։
«Ինչպէ՞ս յաղթահարել կեանքի դժուարութիւնները», կնոջ հարցումներուն ի պատասխան, Լեւոն ԺԴ. Պապը յորդորած է անունով կոչել այդ դժուարութիւնները եւ կիսել սեփական փորձառութիւնը։
Ապա Քահանայապետին հարց տալով ու խորհուրդ խնդրելով, թէ ինչպէս պէտք յաղթահարել գայթակղութիւնները, որոնք կարծես գերակշռած են իր կեանքին մէջ, չնայած իր հրաշալի ամուսինի եւ երեք զաւակներուն սիրոյ, որոնք կը դաստիարակուին քրիստոնէական հաւատքով, զոր ինք կը զգայ «աւելի ուժեղ քան երբեւէ» Արդեօ՞ ք այս հաւատքը կը կորսնցնէ իր կայունութիւնը, մօր հարցումին, Լեւոն ԺԴ Պապը ընդգծած է «Քու Հաւատքի հանդէպ ոգեւորութիւնը եւ քու սիրտիդ ճշմարտութիւնը օրհնութիւն են քեզի եւ քու ընտանիքիդ համար։ Եթէ քու յենակետդ Մարիամն է, դուն պիտի կարենաս յաղթահարել որեւէ անորոշութիւն։ Քրիստոնէական սիրոյ ծրագիրները կիսելը հիմնական են հոգեպէս զարգանալու ինչպէս նաեւ Համագործակցելու Աստուծոյ շնորհքին եւ կամքին հետ»։ Ասոնք քահանայապետին այն խօսքերէն քանիներ են, որոնք հրապարկուեցան 18 օգոստոսին, ամսաթերթին հաղորդագրութեան մէջ։
Ամսաթերթը յատուկ անդրադարձ կատարած է նաեւ Սեպտեմբեր 12ին, Հռոմի մէջ կայանալիք Եղբայրութեան հանդիպումին, որ երկխօսութեան միջոցաւ, հանդիպումի, հաղորդութեան եւ փոխանակումի հնարաւորութիւն է։ Ուսումնասիրուած է Լեւոն ԺԳ-էն մինչեւ Լեւոն ԺԴ 12 քահանայապետերու ժամանակաշրջանին պատմութեան ընթացքին խաղաղութեան ընդհանուր թելը ու անոնց խոր կապը եղբայրութեան հետ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
