Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետ  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Մենք Աստուծոյ ամենագեղեցիկ արարածներն ենք, ապրինք հաղորդութեան մէջ։

Լեւոն ԺԴ. Պապին խօսքերը, Քահանայապետական ամարանոցին պարտէզներուն մէջ, Ալպանոյի Քարիթասի հոգատարութեան տակ գտնուող աղքատներուն հետ կիսած ճաշէն առաջ։ Մենք միշտ յիշենք, որ իւրաքանչիւրս Աստուծոյ պատկերն է. Եւ մենք Աստուծոյ այս ներկայութիւնը կը գտնենք մեզմէ իւրաքանչիւրիս մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 17 օգոստոսին, Ալպանոյի Սանթա Մարիա Տելլա Ռոթոնտա սրբավայրին մէջ աղքատներու մասնակցութեամբ կիրակնօրեայ պատարագը մատուցելէն ետքը, Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապեատական ամարանոցի «Borgo Laudato si’» աւանին մէջ, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը կէսօրուան ճաշը կիսեց Ալպանոյի Քարիթասի կողմէ խնամուած աղքատներուն հետ։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է Թեմական Քարիթասի եւ «Borgo Laudato si’» աւանի կամաւորներուն կողմէ։

Ճաշէն առաջ Քահանայապետը իր սիրտէն բխած ողջոյնի խօսքին մէջ հրաւիրեց մտածելու այն մասին թէ «մենք ամենագեղեցիկ արարածներ ենք ստեղծուած Աստուծոյ պատկերի նման, որ մենք բոլորս ենք»։ Եւ իւրաքանչիւրս մեզմէ կը ներկայացնէ Աստուծոյ այդ պատկերը եւ որքան կարեւոր է որ միշտ յիշել, որ մենք Աստուծոյ այս ներկայութիւնը կը գտնենք իւրաքանչիւրիս մէջ։ Եւ այպէս, այս ճաշի ժամանակ հաւաքուիլը կը նշանակէ ապրիլ Աստուծոյ հետ այս հաղորդութիւնը այս եղբայրութիւնը։

Սիրտէն բխած խօսքին մէջ քահանայապետը յիշեց կիսելու կարեւորութիւնը, այն շատ իմաստալից ժեսթը մեզի բոլորին համար, այն է բեկանել հացը, միասին կիսել հացը, այն ժեսթը որուն մէջ կը ճանչնանք Յիսուսը Քրիստոսի իրեններուն մէջ»։

Հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնը «մեր ստացած պարգեւներուն վրայ, բոլոր անոնց վրայ «որոնք աշխատեցան մեզի այս ճաշը պատրաստելու համար», եւ որոնք հնարաւոր դարձուցին այս գեղեցիկ տօնակատարութիւնը» Լեւոն ԺԴ Պապը խնդրեց նաեւ, «իրարու օգնելու միշտ ապրելու միացած Քու սիրոյ մէջ»։

Լեւոն ԺԴ Պապի աղքատներուն հետ կիսած ճաշի բացումը կատարեց եւ ողջոյնի խօսքը ուղղեց «Laudato si» բարձր կազմաւորման կեդրոնի տնօրէն եւ մարդկային համապարփակ զարգացման համար վերատեսչութեան ենթաքարտուղար կարդինալ Ֆապիօ Պաճիօ «Այսօր մենք կը տեսնենք Ֆրանչիսկոս Պապին մարգարէական երազի իրականացումը», ըսաւ ԱՆ աւելցնելով « Laudato si, պարզապէս վայր չէ այլ աւետարանական ապրելակերպ, որ իր դուռը կը բանայ նախ եւ առաջ կարիքաւորներուն համար՝ աղքատներուն, բոլոր անոնց որոնք մեկուսացուած են։

Ծիրանաւորը ընդգծեց որ «առանց ընկերային արդարութեան չկայ իսկական բնապահպանութիւնը, սա է «Գովեալ Ըլլաս»ի եւ եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան մեծ դասը։ Քրիստոնէական բարեգործութիւնը կը լրացնէ եւ կը գերազանցէ արդարութիւնը՝ զայն վերածելով շօշափելի սիրոյ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2025, 10:45