Որոնել

Մետժուկորէ։ Երիտասարդներու ուխտագնացութիւն Մետժուկորէ։ Երիտասարդներու ուխտագնացութիւն 

Լեւոն ԺԴ. Մետժուկորէի երիտասարդներուն. Ուրախացէք միասին եւ մի վախնաք ողբալէ, անոր հետ որ կու լայ

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը 4-էն 8 օգոստոսին, Մետժուկորէի մէջ կայացող 36-րդ երիտասարդական փառատօնի մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Խաղաղութիւն ձեր հետ» այսպէս է` որ կը սկսի Լեւոն ԺԴ. Պապը աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած Մէտժուկորէյին 36-րդ երիտասարդական փառատօնի մասնակիցներուն փոխանցած պատգամին սկիզբը,  որուն մէջ Ան խօսքը կեդրոնացուց երիտասարդներու Փառատօնի «Տիրոջ տունը պիտի երթանք» կարգախօսին վրայ, նշելով,  թէ «Այդ արտայայտութիւնը մեզի կը խօսի ճանապարհի մը, փափաքի մը մասին, որ մեզ կը տանի դէպի Աստուած, դէպի Անոր բնակութեան վայրը, ուր մենք կարող ենք իսկապէս մեր տունը զգալ, որովհետեւ այնտեղ մեզ կը սպասէ Անոր սէրը։

Քահանայապետը ապա յիշեց Յիսուսի խօսքը ես եմ «Ճանապարհը» (Յովհ 14,6),  ու նշեց թէ Քրիստոս մեզ կ՝առաջնորդէ, մեր աչքերը կը բանայ, նոր Հոգին, մեր աչքերը կը բանայ եւ մեզի թոյլ կու տայ տեսնելու այն ինչ, որ մենք մինակ պիտի չկարենանք հասկնալ»։ Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ Հաւատքի կեանքը միայնակ չ՝ապրեցուիր. Ճամբորդութիւնը միահիւսուած է ուրիշներու ճանապարհորդութեան հետ եւ ինչպէս կ՝ըսէ սուրբ Օգոստինոսը, մենք նման ենք բոցերու, որոնք կը միանան միասին ՝լուսաւորելով ճանապարհը ու  Եկեղեցական համայնքի մէջ ապրուած հաւատքը, ուխտագնացութեան իրական դէմք է, որ Տիրոջ տանող ճանապարհորդութիւնը աւելի գեղեցիկ եւ բաժնեկից կը դարձնէ։

Պատգամին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապ ընդգծեց իրական հանդիպումներուն կարեւորութիւնը՝ արուեստագիտութենէ եւ արուեստական բանականութենէն անդին, որովհետեւ «Ակորլիթմ»ը չկրնար փոխարինել գրկախառնութիւնը, հայեացքն ու սիրտի փոխանակումը։  Տիրամօր օրինակը, որ դժուար ճանապարհէն անցաւ՝ Եղիսաբեթին հանդիպելու համար, ուրախութիւն պարգեւելով եւ ճանչնալով Աստուծոյ ներկայութիւնը։ «Սա մեզ կը հրաւիրէ փնտռելու իսկական հանդիպումներ, ուրախանալ ուրախացողին հետ եւ կիսել անոնց ցաւը, ինչպէս մեզ կը հրաւիրէ Սուրբ Պօղոսը «Հռոմէ 12, 15) նշեց Ան։

Պատգամին մէջ Քահանայապետը նկատել տուաւ, որ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ, ուր լեզուն եւ մշակոյթը կարող են թուիլ  խոչընդոտներ, Աստուծոյ սիրով սնուող հաւատքի լեզուն կրնայ յաղթահարել ամէն դժուարութիւնը։ Միայն իրարու աջակցելով եւ միասին քալելով կրնանք Հասնիլ Տիրոջ Տունը» ըսաւ Քահանայապետը խրախուսելով երիտասարդները արձագանգելու Աստուծոյ կոչին՝ թէ նուիրեալ կեանքով, թէ քահանայութեամբ, վստահելով եւ լսելով մեր սիրտերը։ «Աստուծոյ Խօսքը, ազատութեան, ուրախութեան, եւ քրիստոնեաներուն իսկական ինքնակատարելագործումի աղբիւրն է»։

Լեւոն ԺԴ Պապ պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը ինչպէս նաեւ վստահեցնելով իր աղօթքը, որպէսզի Տիրոջ տունը տանող ճանապարհը կիսուած , աջակցուած եւ լուսաւորուած ըլլայ Աստուծոյ սիրով։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2025, 11:09