Լեւոն ԺԴ. Աշխարհի աղմուկներուն մէջ եկէք լսենք ձայնը անոնց, որ չ՝ունին։

Լեւոն ԺԴ. Պապին շնորհուեցաւ Սուրբ Օգոստինոսի մետալը, որ Միացեալ Նահանգներու Օգոստինեան միաբանութեամբ Սուրբ Թովմաս Վիլլա Նովա նահանգի բարձրագոյն պարգեւն է։ Նախապէս նախատեսուած ըլլալով կարդինալ Փրէվոթի համար, Սուրբ Օգոստինոս միաբանութեան եղբայրները այժմ մետալը Քահանայապետին շնորհեցին ու Նորին Սրբութիւնը Կասթէլ Կանտոլֆոյի ամարանոցին մէջ արձանագրած պատկերասփռուած պատգամով մը շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւիրելով խաղաղութեան կառուցողները դառնալու։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Օգոստինոսի ծիսական տօնին առիթով, Լեւոն ԺԴ Պապ պատկերասփռուած պատգամ մը ուղղեց՝ ճանչնալով Սուրբ Օգոստինոսը, որպէս վանականութեան հիմնադիր, եպիսկոպոս, Աստուածաբան, եկեղեցւոյ Վարդապետը, ընդգծելով թէ ինչպէս Անոր կեանքը՝ յատկանշուած փորձութիւններով, սխալներով, առաջնորդուեցաւ Աստուծոյ շնորհքով, Հասարակութեան Սրբուհի Մոնիքայի բարեխօսութեամբ։

Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ Իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վիլլա Նովայի, Սուրբ Թոմասի նահանգէն, Սուրբ Օգոստինոսի մետալը ստանալու պատիւին համար ու խորհրդածեց ճշմարտութեան, միութեան, եւ բարեգործութեան Օգոստինեան ուսմունքներուն համապատասխան ապրելու կարեւորութեան մասին, որոնք կը ներկայացնեն քրիստոնէական կեանքի հիմնարար արժէքները։ ,

Պատգամին մէջ Քահանայապետը ընդգծեց, թէ ինչպէս Օգոստինեան համայնքները պատմականօրէն Աւետարանը հասցուցին Իռլանդացի եւ Գերմանացին ներգաղթերուն ու հրաւիրեց շարունակելու այս ժառանգութիւնը՝ ծառայելով եւ սիրելով ուրիշները ու յիշեցուց որ Աւետարանը մեզ կը կանչէ սիրելու մերձաւորը եւ տեսնելու ուրիշները Քրիստոսի աչքերով՝ խթանելով երկխօսութիւն, փոխադարձ յարգանք եւ միութիւն Քրիստոսի մէջ՝ որպէս խաղաղութեան գործիքներ։


Նորին Սրբութիւնը ապա ընդգծեց լսելու կարեւորութիւնը, ինչպէս սորվեցուց Սուրբ Օգոստինոսը ու աշխարհի աղմուկը զտելու կարեւորութիւնը՝ Աստուծոյ եւ Սուրբ Հոգիին ձայնը լսելու համար։ Հրաւիրեց աղօթքի, լռութեան, եւ զատորոշումի, որպէսզի կարողանանք բացայայտել Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր սիրտերու մէջ եւ մեր առօրեայ յարաբերութիւններուն մէջ։

Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրբ Օգոստինեան միաբանութեան անդամներուն, Պատարագներու, աղօթքներու ժամանակ ցուցաբերած աջակցութեան համար, խնդրելով անոնցմէ, որ շարունակեն աղօթել Իրեն, ։Աստուծոյ ժողովուրդին եւ ողջ աշխարհի եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան համար, յիշեցնելով Սուրբ Օգոստինոսը, որ նոյնիսկ կասկածի եւ խաւար պահերուն Աստուծոյ սէրը կը բուժէ եւ կ՝առաջնորդէ։

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը պատգամը եզրափակեց խրախուսելով ամրապնդելու   խաղաղութեան, յոյսի եւ Աստուածային սիրոյ վկայութեան առաքելութիւնը աշխարհի մէջ՝ Քրիստոսի միութեան եւ եղբայրական հաղորդութեան մէջ,։

Հայցելով Բարի Խորհուրդի Տիրամօր բարեխօսութիւնը, Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնը բոլորին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2025, 08:10