Որոնել

2025.08.25 "E pace sia" libro della Lev con i primi discorsi di Papa Leone XIV

«Եւ թող խաղաղութիւն ըլլայ», Լեւոն ԺԴ.-ի վարդապետութեան առաջին թեմաները` Վատիկանի Հրատարակչատան հատորին մէջ

Վաղուընէ սկսեալ՝ գրախանութներում մէջ հասանելի պիտի ըլլայ Լեւոն ԺԴ-ի Քահանայապետութեան սկզբի ելոյթներու ժողովածուն որ հրատարակուած է Libreria Editrice Vaticana-ի կողմէ իտալերէն, անգլերէն և սպաներէն լեզուներով: Այս հատորը հնարաւորութիւնն է կ՛ընծայէ աւելի խոր կերպով հասկանալ Քահանայապետին մտքերը:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Աստուծոյ առաջնութիւնը, Եկեղեցւոյ հաղորդութիւնը, խաղաղութեան ձգտումը. Ասոնք են նիւթերը որոնք կը ձևաւորեն Լեւոն Քահանայապետին ուսուցումը «Առաջնահերթութիւններ», որոնք ի յայտ կու գան «Եւ թող խաղաղութիւն ըլլայ` Խօսքեր Եկեղեցւոյ եւ աշխարհին» տիտղոսով հատորի ընթերցումէն, որ վաղուընէ սկսեալ հասանելի պիտի ըլլայ գրախանութներուն մէջ»։ Այս կը կարդանք Վատիկանի Հրատարակչատան հրատարակած հաղորդագրութեան մը մէջ ուր նշուած է նաեւ, որ «160 էջէ բաղկացած գիրքը, որուն գինը 15 եւրօ է, հասանելի պիտի ըլլայ իտալերէն, անգլերէն և սպաներէն լեզուներով:

2025 թուականի մայիսի 8-ին, Ալճերիոյ նահատակներու յիշատակի ծիսական օրուան օրը, աշխարհի առջև իր առաջին ելոյթի ժամանակ Լևոն ԺԴ-ը յոյս յայտնեց ձեռք բերելու «զինաթափ և զինաթափող» խաղաղութիւն։ Խօսքեր` որոնք արձագանքն են  Թիպիհինի վանահայր Քրիստիան տը Շերժէի կտակին, որ իր ընկերներու հետ միասին սպաննուեցաւ` հաւատքի ատելութեան պատճարաւ,  ու 2018-ին արժանացան խորաններու պատուոյն։

Քահանայապետի ելոյթներու ընդմէջէն յստակ ի յայտ կու գայ Աստուծոյ առաջնութիւնը, Եկեղեցւոյ մէջ բոլորի, և յատկապէս իշխանութիւն ունեցողներուն համար։ Հրաւէրն է՝ «անհետանալ, որպէսզի Քրիստոսը մնայ, փոքրանալ, որպէսզի Ան ճանչցուի և փառաւորի»։

Լեւոն ԺԴ.  ապա արտայայտած էր իր մեծ ցանկութիւնը՝ «միասնական Եկեղեցի, միասնութեան և հաղորդութեան նշան, որ կը դառնայ հաշտուած աշխարհի թթխմորը»։ Սրբազան Պապին անթիւ կոչերը ի նպաստ հաշտութեան ուղղուած են ոչ միայն քաղաքականութեան, այլեւ իւրաքանչիւր մարդու սրտին. «Խաղաղութիւնը կը սկսի մեզմէ իւրաքանչիւրէն՝ այն ձևէն, որով մենք կը նայինք ուրիշներուն, կը լսենք ուրիշները, կը խօսինք ուրիշներու մասին»։

Ռոպէրթ Ֆրենսիս Փրեվոսթը ծնած է 1955 թուականի սեպտեմբեր 14-ին, Միացեալ Նահանգներու Չիքակօ քաղաքին մէջ: 1977-ին կը դառնայ Սուրբ Օգոստինոսի միաբանութեան նորընծայ եւ 1981-ի օգոստոսի 29-ին կը կատարէ իր մշտնջենաւոր ուխտերը, ապա 1982-ի յունիսի 19-ին կը ձեռնադրուի քահանայ:

2001 թուականին Ան կ՛ընտրուի միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր: 2015 կը նշանակուի Փերուի Չիքլայօ Թեմի եպիսկոպոս: 2023-ին Ֆրանչիսկոս Պապը զինք կը նշանակէ Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ եւ Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական​​ յանձնաժողովի նախագահ: 30 սեպտեմբեր 2023-ին Ֆրանչիսկոս Պապը անոր կը շնորհէ Կարդինալական տիտղոսը ապա 2025 թուականի մայիսի 8-ին Ան կ՛ ընտրուի Քահանայապետ ընտրելով Լևոն ԺԴ. անունը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2025, 11:59