Որոնել

2025.08.02 Presentatori e Artisti della Veglia Giubileo dei Giovani - Tor Vergata

Երիտասարդական հսկում. Քահանայապետը արուեստագէտներուն. օգնեցէք անոնց գտնելու իրական երջանկութիւնը։

Լեւոն ԺԴ. այսօր առաւօտեան հանդիպեցաւ Թոր Վերկաթայի մէջ երիտասարդներուն Հսկումը ոգեւորող արուեստագէտներուն հետ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Երիտասարդներու Յոբելեանի ծիրէն ներս այսօր երեկոյեան նախատեսուած Հսկումին առիթով կազմակերպուած գեղարուեստական յայտագրին մասնակցող արուեստագէտներու խումբը, այսօր Շաբաթ 2 օգոստոսի առաւօտեան առիթը ունեցան` Վատիկանի մէջ հանդիպելու Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Անոնց կ՛ընկերանար Յոբելենական տարուայ կազմակերպութեան պատասխանատու` Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան, որ շնորհակալութիւն յայտնելով Քահանայապետին ներկայացուց զանոնք ու ակնարկեց կէսօրէն ետքը նախատեսուած գեղարուեստական յայտագրին` որ սկիզբ պիտի առնէ ժամը երեքին ու պիտի տեւէ մինչեւ Սրբազան Պապին ժամանումը։

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն յայտնելով, որ ինք ուզած է, որ այս հանդիպումը տեղի ունենայ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ, գնահատելով անոնց արուեստի գեղեցկութիւնը ու անոնց տաղանդները, «զոր պիտի առաջարկեն այս օրերուն Հռոմ գտնուող մեծ լսարանին»։

«Կ՛ ըսուի թէ աւելի քան կէս միլիոն, հաւանաբար մէկ միլիոն երիտասարդներ եկած են աշխարհի տարբեր երկիրներէն եւ ինծի համար պատիւ ու օրհնութիւն է այս առաքելութեան ու ծառայութեան մասնակցիլը, որպէս Հռոմի Եպիսկոպոս, որպէս Քահանայապետ, ծանօթ ըլլալով յատկապէս այն ուրախութեան, որ կը կիսենք, եւ որ ձայն կու տայ այն բաներուն զոր ունինք մեր սրտին մէջ եւ որ ամենէն առաջ իղձն է` գտնելու երջանկութիւնը, ուրախութիւնը, սէրը ու հաւատքը ապրելու Տիրոջ մեզի շնորհած պարգեւներով. Երաժշտութիւնը, պարը ու արուեստի այլ ձեւերը, զոր պիտի կիսէք այսօր կէսօրէն ետքը երիտասարդներուն հետ եւ որ իրապէս նուէրն մըն են մեզի բոլորիս ու համայն Եկեղեցւոյ համար» ըսաւ Քահանայապետը դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն ու Աստուածային օրհնութիւնները հայցելով անոնցմէ իւրաքանչիւրի վրայ, որպէսզի օգնէ անոնց իրենց` երիտասարդներուն ընկերանալու գործին մէջ, «երիտասարդներ որոնք մեծ կարիքը ունին գտնելու իսկական ուրախութիւնը, իսկական երջանկութիւնը, զոր բոլորս կը գտնենք Յիսուս Քրիստոսին մէջ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2025, 12:28