Որոնել

Հիրոշիմայի վրայ ադոմական ռմբակոծումի 80 ամեակը Հիրոշիմայի վրայ ադոմական ռմբակոծումի 80 ամեակը 

Քահանայապետը յիշեց Հիրոշիման եւ Նակազաքին. Միջուկային զէնքերը կը վիրաւորեն ընդհանուր մարդկութիւնը։

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Ճափոնի Հիրոշիմա քաղաքի վրայ ԱՄՆ-ի կողմէ ադոմական ռմբակոծումի 80 ամեակի կապակցութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամ մը ուղղեց Հիրոշիմա թեմի եպիսկոպոս, գերպ. Ալէքսիս Շիրահամային, Ճափոնի Հիրոշիմա քաղաքին ԱՄՆ-Ի կողմէ ադոմական ռմբակոծումի 80 ամեակի առթիւ։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց բոլոր անոնք որոնք հաւաքուած են ոգեկոչելու համար Հիրոշիմայի եւ Նակասաքի վրայ ադոմական ռմբակոծումի 80 ամեակը ու Իր յարգանքն ու գորովը յայտնեց վերապրողներուն, «որոնց կորուստի եւ տառապանքի պատմութիւնները բոլորիս համար կոչ են կառուցելու աւելի ապահով աշխարհ եւ խթանելու խաղաղութեան մթնոլորտ»։

Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ հակառակ որ անցած են բազմաթիւ տարիներ, «երկու քաղաքները կը շարունակեն մնալ միջուկային զէնքի պատճառած խոր սարսափներուն կենդանի յիշեցումները։ Անոնց փողոցները, դպրոցները, տուները, թերեւս կը կրեն 1945 թուականի այդ ճակատագրական օգոստոսի՝ թէ՛ տեսանելի թէ՛ հոգեւոր սպիները» ու յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին հետեւեալ խօսքը, «Պատերազմը միշտ մարդկութեան պարտութիւնն է»։

Սրբազան հայրը շեշտեց որ «Իսկական խաղաղութիւնը կը պահանջէ քաջաբար վար դնել զէնքերը, յատկապէս այն զէնքերը, որոնք ունին աննկարագրելի աղէտ առաջացնելու ուժ։ Միջուկային զէնքերը կը վիրաւորեն մեր ընդհանուր մարդկութիւնը եւ կը դաւաճանեն արարչագործութեան արժանապատուութիւնը, որուն ներդաշնակութիւնը մենք կոչուած են պահպանելու»։

Ապա անդրադառնալով ժամանակակից աշխարհը յուզող հարցերուն, Քահանայապետը նկատել տուաւ որ« մեր համաշխարհային լարուածութեան եւ հակամարտութիւններուն աճի ժամանակաշրջանի, Հիրոշիման եւ Նակազաքին « յիշողութեան խորհրդանիշեր են» որոնք մեզի համար յորդոր են մերժելու փոխադարձաբար երաշխաւորուած ոչնչացումի վրայ հիմնուած անվտանգութեան պատրանքը։ Պէտք է կերտենք արդարութեան, եղբայրութեան ընդհանուր բարօրութեան վրայ հիմնուած համաշխարհային բարոյականութիւն» ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը, ու պատգամը եզրափակեց իր աղօթքը ապահովուելով «որպէսզի այս հանդիսաւոր տարեդարձը ծառայէ որպէս հրաւէր միջազգային ընտանիքին՝ նորոգելու իր յանձնառութիւնը՝ ձգտելու ամբողջ մարդկային ընտանիքին համար տեւական խաղաղութեան, «զինաթափուած եւ զինաթափող խաղաղութեան ։(Առաջին «Urbi et Orbi» օրհնութիւն, 8 մայիս 2025.):

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2025, 10:55