Յառաջիկայ 5 սեպտեմբերին Լեւոն ԺԴ. Պապը բացումը պիտի կատարէ «Laudato si’» Աւանին
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
2025-ի սեպտեմբերի 5-ին, ժամը 16:00-ին, Նորին Սրբութիւն Լևոն ԺԴ.-ի նախագահութեամբ պաշտօնական բացումը կը կատարուի «Borgo Laudato si’» աւանին, վայր, որ դարեր շարունակ եղած է Քահանայապետերու նստավայրը, որ պիտի բացուի հանրութեան առջեւ և ուր պիտի կիրակուին Ֆրանչիսկոս Պապին Laudato si’ շրջաբերականին սկզբունքները, որ այս տարի կը բոլորէ իր տասներորդ ամեակը։
Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապեական Պալատէն ներս գտնուող աւանը ծրագիր մըն է որ ծնունդ առած է Ֆրանչիսկոս Պպապին կամքով, որ 2023-ին զայն յանձնեց «Laudato si’» Բարձրագոյն կրթութեան կենտրոնին, առաքելութիւն ունենալով ստեղծել վայր մը ուր արարչագործութեան խնամքը եւ մարդկային արժանապատուութեան յարգանքը, յատկապէս աւելիով դիւրաբեկներունը, պաշտպանուի ու արժեւորուի բաժնեկցուած յանձնառումով մը, որ իր արմատները գտնէ հաւատքին մէջ։
55 հեկտար տարածք ունեցող տարածքը կը ներառէ պատմական այգիներ, պալատներ, յուշարձաններ և հնագիտական մնացորդներ, գիւղատնտեսական տարածքներ և կրթութեան, օրկանական ու վերականգնողական գիւղատնտեսութեան նուիրուած նոր տարածքներ: Անիկայ հոգևորականութիւնը, կրթութիւնը և կայունութիւնը միահիւսող ճանապարհորդութեան արդիւնք է՝ նպատակ ունենալով առաջարկել բաց, մատչելի և ներառական տարածք ուսուցման, մտորումներու և արարչագործութեան հետ աւելի գիտակից ու յարգալից յարաբերութիւններ ապրելու համար:
Հինգ սեպետմբերի յետմիջօրէին նախ քան Օրհնութեան արարողութիւնը գլխաւորելը Լեւոն ԺԴ. Պապը խորհրդանշական այցելութիւն պիտի տայ Աւանին հանդիպելով այնտեղ գործող անձնակազմին ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ, ինչպէս նաեւ «Borgo Laudato si’» ծրագրին աջակցող անձանց հետ։
Արարողութեան ներկայ կը գտնուին նաև Հռոմէական Քուրիայի և այլ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ նախագծի ստեղծման նպաստած բազմաթիւ անհատներ։
Բացման արարողութենէն առաջ Մայեսթրօ Անտրէա Պոչչելլին եւ իր որդին Մաթթէոն աղօթքով պիտի միանան երգ մը հրամցնելով ներկաներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
