2025.08.23 Membri dell'International Catholic Legislators Network

Լևոն ԺԴ. «Խթանել յոյսի դիւանագիտութիւն, յոյսի քաղաքականութիւն և յոյսի տնտեսութիւն»

Քահանայապետին ճառը Միջազգային Կաթողիկէ Օրէնսդիրներու ցանցի տասնվեցերորդ տարեկան հանդիպումի մասնակիցներուն։ Դարձէք կամուրջներ կառուցողներ «Մարդու քաղաքի» և «Աստուծոյ քաղաքի» միջև։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 23 օգոստոս 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը,  Առաքելական Պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ընդունեց Միջազգային Կաթողիկէ Օրէնսդիրներու ցանցի Հռոմի մէջ կայացած տասնվեցերորդ տարեկան հանդիպումին մասնակիցները։

Այս առիթով արտասանած իր ճառին մէջ ԱՆ ուրախութիւն յայտնեց զանոնք ընդունելուն համար ու շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն տուած այցելութեան համար` Յոյսի Յոբելեանին ժամանակ։ 

Ակնարկելով ապա հաւաքի նիւթին  «Նոր աշխարհակարգ. հիմնական ուժերու քաղաքականութիւն, ընկերակցային տիրապետութիւններ և մարդկութեան բարգաւաճման ապագայ»,  նշեց թէ այս խօսքերուն մէջ ինք կը զգայ ըլլայ մտահոգութիւն ըլլայ իղձ։ 

Մարդուն քաղաքը եւ Աստուծոյ քաղաքը

«Մենք մտահոգուած ենք մեր աշխարհի որդեգրած ուղղութեամբ, բայց կը ձգտինք իսկական մարդկային բարգաւաճման, աշխարհի մը, ուր իւրաքանչիւր մարդ կարող է ապրիլ խաղաղութեան, ազատութեան և ինքնաբաւութեան մէջ՝ համաձայն Աստուծոյ ծրագրին» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ յղում կատարեց Սուրբ Օգոստինոսի «Աստուծոյ քաղաք» գրութեան, ուր իրար կը հակադրեն Մարդուն Քաղաքը` հիմնուած  հպարտութեան և իշխանութեան ձգտման վրայ եւ Աստուծոյ քաղաքը` հիմնուած Աստուծոյ հանդէպ սիրոյ, արդարութեան և խոնարհութեան վրայ։ 

Մարդկային համապարփակ զարգացումը

Քահանայապետը առ այդ ակնարկեց ժամանակակից մարտահրաւէրներուն` Նոր ուժի կենտրոններ,  մեծ ընկերութիւններու  և արհեստագիտութիւններու ազդեցութիւնը, աշխարհաքաղաքական հակամարտութիւններ և տեղաշարժեր, յիշեցնելով` որ «իսկական մարդկային զարգացումը չի չափուիր նիւթական հարստութեամբ կամ անսահմանափակ ինքնավարութեամբ», այլ «մարդկային ամբողջական ծաղկումով», այսինքն՝ «անձի լիարժէք զարգացումը՝ իր բոլոր չափանիշերով՝ ֆիզիկական, սոցիալական, մշակութային, բարոյական և հոգևոր»: 

Սիրոյ ընտրանքը 

«Մարդկային առաջընթացի ապագան կախուած է այն բանէն, թէ` որմէկ սէրը կ՛ ընտրենք որպէս հասարակութեան հիմք, ինքնասիրութիւնը, թէ՞ Աստուծոյ և մերձաւորի սէրը» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ միայն երկրորդը կարող է երաշխաւորել արդարութիւն, ազատութիւն եւ խաղաղութիւն։

Կամուրջներ կառուցել եւ մերժել յոռետեսութիւնը 

«Կաթողիկէ օրէնսդիրներու և պետական ​​ծառայողներու ձեր կոչման մէջ դուք կոչուած էք կամուրջներ կառուցելու Մարդու և Աստուծոյ քաղաքներու միջև» շարունակեց Քահանայապետը հրաւիրելով նաեւ` գործելու ի սպաս արդար օրէնքներու, բարոյական խղճի ու մարդկային արժանապատւութեան», մերժելով յոռետեսութիւնը` որուն համաձայն «ոչ մէկ բան կարող է փոխուիլ»։  

Խթանել յոյսի դիւանագիտութիւն, յոյսի քաղաքականութիւն, յոյսի տնտեսութիւն

Ան ապա հրաւիրեց ներկաները խթանելու յոյսի դիւանագիտութիւն, յոյսի քաղաքականութիւն եւ յոյսի տնտեսութիւն, որոնք արմատաւորուած են այն համոզումին մէջ թէ այժմ եւս Քրիստոսի շնորհքով կարող ենք անոր լոյսը ցոլացնել  Երկրի քաղաքին մէջ։ 

Սրբազան Պապը ճառը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով օրէնսդիրներուն Աւետարանը տարածելու իրենց գործին համար, ապա իր աղօթքները հաւաստիացուց անոնց ու Խաղաղութեան Իշխան` Յիսուսէն հայցեց` որ օրհնէ զանոնք եւ անոնց ջանքերը ի սպաս` մարդկային ընտանիքի իսկական ծաղկումին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2025, 11:56