Որոնել

ITALY-VATICAN-RELIGION-POPE-CASTEL GANDOLFO-ANGELUS

Պէտք է երկխօսութեան միջոցաւ որոնել խաղաղութիւնը. Լեւոն ԺԴ

Սրբազան Պապը դարձեալ փոխադրուեցաւ Քասթել Կանտոֆոյի ամարանոց
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը չորեքշաբթի կէսօրէն ետքը ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապպետական ամարանոց, ուր պիտի մնայ մինչեւ եկող շաբաթ հակիրճ հանգիստի պահ մը անցնելով։

Առաքելական Պալատ ժամանելուն լրագրողներէն ոմանք հարցումներ ուղղեցին Քահանայապետին յատուկէն հայող Թրամփ - Փութին հանդիպումին որուն մասին արտայայտուելով Ան նշեց` թէ ինք միշտ կը ցանկայ հրադադարը ու «պէտք է որ վերջ դրուի բռնութեան, բազմաթիւ մեռելներով»։ Ան ապա  խրախուսեց միշտ որոնել երկխօսութիւնը, դիւանագիտական աշխատանքը եւ ոչ թէ պատերազմն ու բռնութիւնը»։

Հարցումին եթէ ինք մտահոգ է` որ Կազայի բնակչութիւնը տեղահանուի Քահանայապետը պատասխանեց. «այո` շատ» եւ աւելցուց. «Պէտք է նկատի առնել մարդասիրական ճգնաժամը, կարելի չէ այդպէս շարունակել։ «Հարկ է նաեւ ազատ արձակել պատանդները» բայց նաեւ մտածել «այն բազմաթիւ մարդոց որոնք անօթութենէ կը մեռնին»։

«Սրբազան Հայր Սուրբ Աթոռը ի՞նչ կ՛ընէ, ի՞նչ աշխատանք կը տանի կանգնեցնելու...» հարցումին Լեւոն ԺԴ. հաստատեց. «Սուրբ Աթոռը չի կրնար կասեցնել, բայց կ՜աշխատի “soft diplomacy”-ի միջոցաւ, միշտ կոչ ընելով և հրաւիրելով, մղելով երկխօսութեան միջոցաւ բռնութեան չդիմելու և լուծումներ փնտռելու, քանի որ այս խնդիրները չեն կարող լուծուիլ պատերազմով, մենք պէտք է ձգտենք խաղաղութեան» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.։

Քասթել Կանտոլֆօ կեցութեան ընթացքին Սրբազան Պապը Սուրբ Կոյս Մարիամի վերափոխման տօնին առիթով պիտի մատուցէ սուրբ զոհը եւ պիտի արտասանէ տօնին նուիրուած Մարեմեան աղօթքը։ Պատարագ եւ աղօթք` զոր Ան պիտի գլխաւորէ նաեւ յառաջիկայ Կիրակի օր` 17 օգոստոսին մասնակցութեամբ Քարիթասի աղքատներուն ու անոնց հոգատարներուն որոնց հետ ապա պիտի կիսէ կէսօրուան ճաշը։

Սրբազան Պապին Վատիկան վերադարձը առ այժմ նախատեսուած է երեքշաբթի 19 օգոստոսին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2025, 19:33