Լեւոն ԺԴ.ը իր միաբանակից եղբայրներուն հետ Լեւոն ԺԴ.ը իր միաբանակից եղբայրներուն հետ  (©Osafund - Fondazione Agostiniani nel Mondo)

Լևոն ԺԴ.-ը մէկ սեպտեմբերին բացումը պիտի կատարէ Սուրբ Օգոստինոսի միաբանութեան ընդհանուր ժողովին

Ընդհանուր ժողովը պիտի տեւէ մինչև 18 սեպտեմբեր Քահանայապետական Augustinianum Հայրապետութեան ​​Ինստիտուտի մէջ, որուն պիտի մասնակցին մօտ 100 հոգևորականներ, որոնց միջեւ 46 երկիրներէ 73 քուէարկող պատուիրակներ, որոնք կը ներկայացնեն միաբանութեան 41 շրջանները: Անոնք պիտի ընտրեն միաբանութեան 98-րդ ընդհանուր մեծաւորը, Հայր Ալեխանտրօ Մորալի 12-ամեայ ղեկավարութիւնէն յետոյ:
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ մէկ սեպտեմբերին Լևոն ԺԴ-ը բացումը պիտի կատարէ Օգոստինեան միաբանութեան 188-րդ ընդհանուր Ժողովին ՝ նախագահելով Ժողովի բացման պատարագը` երեկոյեան ժամը վեցին, Հռոմի Քամփօ Մարցիօ Սուրբ Օգոստինոսի տաճարին մէջ: Միջոցառումը կը զուգադիպի Նորին Սրբութեան առաջին ուխտերը կատարելու տարեդարձին հետ (1977 թուականին) և ուղիղ եթերով պիտի հեռարձակուի Վատիկանի Ռատիոյի եւ Vatican News-ի միջոցաւ։

Ընդհանուր ժողովը պիտի տեւէ մինչև 18 սեպտեմբեր Քահանայապետական Augustinianum Հայրաբանութեան Ինստիտուտի մէջ, որուն պիտի մասնակցին մօտ 100 հոգևորականներ, որոնց միջեւ 46 երկիրներէ 73 քուէարկող պատուիրակներ, որոնք կը ներկայացնեն միաբանութեան 41 շրջանները: Անոնք պիտի ընտրեն միաբանութեան 98-րդ ընդհանուր մեծաւորը, Հայր Ալեխանտրօ Մորալի 12-ամեայ ղեկավարութիւնէն յետոյ:

Նախատեսուած են նաև նիստեր՝ որոնց իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Օգոստինեայն միաբանութեան մայրապետներու դաշնութեան նախագահները և Օգոստինեան ընտանիքի աշխարհականները՝ առանց քուէարկութեան իրաւունքի։

2013 թուականին Ֆրանչիսկոս Պապը եղած էր Միաբանութեան ընդհանուր ժողովին բացումը կատարողը, որուն ընթացքին ընդգծած էր հոգեւոր զարմանքի արժէքը, որպէս Աստուծոյ որոնումի շարժիչ ուժ։

Սուրբ Օգոստինոսի միաբանութիւնը հիմնուած է 1244 թուականին Հռոմի մէջ՝ Իննոչենցօ Չորրորդ Քահանայապետի հրաւէրով, որով իրար միացուցած էր Սուրբ Օգոստինոսի Կանոնին հետեւող զանազան ճգնաւորներ։ Այնուհետև 1256 թուականին Ալեքսանդր Չորրորդ Պապին օրով Միաբանութիւնը հաստատուեցաւ «Մեծ միութեամբ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2025, 13:06