Որոնել

US president hosts leaders of Armenia and Azerbaijan for peace summit

Քահանայապետը ողջունեց Հայաստան – Ազրպէյճան խաղաղութեան հռչակագիրի ստորագրումը մաղթելով որ ան նպաստէ կայուն եւ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման

«Որոշում կայացնողները միշտ պէտք է յիշեն իրենց պատասխանատուութիւնը բնակչութեան վրայ իրենց ընտրանքներու հետևանքներուն համար» ըսաւ ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ. յիշելով նաեւ Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի ռմբակոծումներու ութսուն ամեակը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 10 օգոստոս 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը առաքելական պալատի գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին ողջունեց աղօթքին առիթով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած հազարաւոր ուխտաւորները հրաւիրելով բոլորը յարատեւելու աղօթքի մէջ որպէսզի վերջ դրուի պատերազմներուն։

«Հիրոշիմայի և Նակազաքիի ռմբակոծումներու 80-ամեակը ամբողջ աշխարհին մէջ վերստին արթնցուց պատերազմի անհրաժեշտ մերժումը՝ որպէս հակամարտութիւններու լուծման միջոց» ըսաւ Քահանայապետը ու հրաւիրեց բոլոր անոնք որոնք որոշում կը կայացնեն նկատի առնելու իրենց պատասխանատուութիւնը իրենց ընտրանքներու բնակչութեան վրայ ունեցած հետեւանքներուն համար։

«Անոնք թող չ՛անտեսեն աւելիով դիւրաբեկներուն կարիքները ու խաղաղութեան տիեզերական իղձը» ըսաւ Սրբազան Պապը` որ ապա «այս առումով շնորհաւորեց Հայաստանի և Ազրպէյճանի Խաղաղութեան համատեղ հռչակագիրի ստորագրութիւնը» յոյս յայտնելով «որ այս իրադարձութիւնը նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն և երկարատև խաղաղութեան հաստատման»։

«Փոխարէնը, Հայիթիի բնակչութեան վիճակը երթալով աւելի յուսահատ կը դառնայ» յարեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով սպանութիւններուն, բոլոր տեսակի բռնութեան, մարդավաճառութեան, հարկադիր աքսորներուն և առևանգումներուն մասին իրարաջորդ լուրերուն եւ ասկէ մեկնելով կոչ ուղղեց «բոլոր պատասխանատուներուն, պատանդներու անյապաղ ազատ արձակման համար», պահանջելով նաեւ «միջազգային հասարակութեան գործնական աջակցութիւնը՝ ստեղծելու համար սոցիալական և պաշտօնական պայմաններ, որ թոյլ տան հայիթիցիներուն ապրիլ խաղաղութեամբ»։

Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց ապա Հռոմէն ու աշխարհի այլ երկիներէն ժամանած ուխտաւորները շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ներկայութեան եւ աղօթքներուն համար հուսկ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2025, 12:16