Որոնել

Migranti: 35 sbarcano nel Siracusano

Քահանայապետին ցաւակցութիւնը Եմենի ափերուն մօտ նաւաբեկութեան զոհ գաղթականներուն համար

Լեւոն ԺԴ. անցեալ օրերու աղէտին տասնեակ զոհերը կը յանձնէ Ամենակալ Աստուծոյ գթառատ ողորմութեան։ Նաւաբեկութեան զոհերուն մեծամասնութիւնը եթովպացի էին եւ ուղղուած էին դէպի Սէուտական Արաբիա ու նաւթով հարուստ այլ երկիրներ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Խոր ցաւ, այս է այն ինչ որ արտայայտեց Լեւոն ԺԴ. Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ ուղղած ցաւակցական հեռագիրի մը մէջ ուղղուած Արաբական Թերակղզիի մէջ առաքելական պատուիրակ` Գերապ. Զախիա Էլ Քասսիսին, որ ապա իր կարգին պիտի յանձնէ Երկրին իշխանութիւններուն, եւ գրուած է ի տես  Եմենի ափերուն մօտ տեղի ունեցած նաւաբեկութեան զոհ գաղթականներուն համար։ 

Լևոն ԺԴ.ը,  «իրենց կեանքը կորսնցուցած  բազմաթիւ գաղթականներուն հոգին կը յանձնէ Ամենակարող Աստուծոյ սիրառատ ողորմութեան» գրուած է Հեռագիրին մէջ ուր կը կարդանք նաեւ` թէ Ան «աստուածային ուժ, մխիթարութիւն և յոյս» կը հայցէ փրկուածներու, արտակարգ իրավիճակներու աշխատողներու և «այս ողբերգութենէն տուժած բոլորին համար»։

Վերջերս տեղի ունեցած աղէտին թիրախ գաղթականները Եթովպիայէն  էին և ուղղուած էին դէպի Եմենի հարաւային ափ։ Զոհերուն թիւը  վերջնական չէ. եւ պաշտօնական ժամանակաւոր տուեալները կը խօսին 76 զոհի մասին,  մինչ տասնեակներ կը մնան անյայտ ճակատագիրով։ Նաւաբեկութենէն փրկուած են 32 հոգի։ Գաղթականութեան Միջազգային  կազմակերպութեան համաձայն նաւաբեկութեան պահուն նաւին վրայ կային 157 անձինք։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2025, 15:16