Լեւոն ԺԴ.ը Վալտէզ Եկեղեցւոյ սինոդին. համագործակցինք մարդկային արժանապատւութեան համար
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղար` կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի միջոցաւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը իր ողջոյնը փոխանցած է Վալտէզ Եկեղեցւոյ սինոդին, որուն բացումը կատարուեցաւ 23 օգոստոսին, Իտալիոյ Torre Pellice քաղաքին մէջ:
Նորին Սրբութիւնը եղբայրական ողջոյնները փոխանցելով բոլոր ժողովականներուն անոնց ապահովեցուցած է իր աղօթքները` «որպէսզի բոլոր քրիստոնեաները կարողանան քալել սրտի անկեղծութեամբ, դէպի լիակատար հաղորդութիւն, վկայելու համար Յիսուս Քրիստոս ու անոր Աւետարանը, համագործակցելով միասին ի ծառայութիւն մարդկութեան, յատկապէս պաշտպանելով մարդ անհատի արժանապատուութիւնը, խթանելով արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը ու միասնական պատասխաններ տալով աւելիով տկարները տանջող տառապանքներուն»
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
