Որոնել

2025.08.25 Ministranti dalla Francia

Սուրբ Հաղորդութիւնը՝ Եկեղեցւոյ գանձերու գանձը․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետը այսօր ընդունեց Յոյսի Սուրբ Տարուայ առթիւ ազգային ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած Ֆրանսացի Խորանի սպասաւորները․ Եկեղեցին սերունդէ սերունդ խնամքով կը պահպանէ Տիրոջ մահուան եւ յարութեան յիշողութիւնը որպէս իր ամենէ թանկարժէք գանձ եւ այդ «գանձերու գանձը» կը փոխանցէ Սուրբ Հաղորդութեան միջոցաւ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ 25 Օգոստոսին, Վատիկանի Քլեմենթինա դաէլիճէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Յոյսի Սուրբ Տարուայ առթիւ ազգային ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած Ֆրանսացի Խորանի սպասաւորներուն։

Անոնց ուղղած իր պատգամին սկիզբը Պապը յորդորեց Սուրբ Տարին դիտել, որպէս «Յիսուսի կողմէ մեզ առաջարկուող յատուկ հնարաւորութիւն՝ դարձի գալու, մեր հաւատքը զօրացնելու եւ Անոր աւելի լաւ աշակերտներ դառնալու համար»։

Յիսուսին միակ ցանկութիւնն է մաս կազմել ձեր կեանքին

«Յիսուսի միակ ցանկութիւնն է մաս կազմել ձեր կեանքին՝ զայն ներսէն լուսաւորելու համար, ձեր լաւագոյն՝ ամենահաւատարիմ ընկերը դառնալու համար», դիտել տուաւ Նորն Սրբութիւնը՝ շարունակելով․ «Ան կը զարնէ դուռը եւ կը սպասէ ներս մտնելու. «Ահա ես դուռը կայներ եմ ու կը զարնեմ. եթէ մէկը իմ ձայնս լսէ ու դուռը բանայ, անոր քով պիտի մտնեմ եւ անոր հետ ընթրիք պիտի ընեմ, ան ալ ինծի հետ։» (Յայտնութիւն 3։20)։

Յոյսը կարեւոր՝ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու, տառապանքի եւ անորոշութեան առջեւ կանգնած աշխարհի համար

Յղում կատարելով ապա Սուրբ Տարուայ նիւթին՝ յոյսին, Սրբազան Քահանայապետը կարեւորեց զայն՝ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու, տառապանքի եւ անորոշութեան առջեւ կանգնած աշխարհի համար։

Սիրել Յիսուսը ինչպէս Ինք մեզի սիրեց

Իսկական յոյսը Յիսուսին մէջ կը գտնուի, որ միակ Փրկիչն է, քանզի Ան ունի զօրութեան եւ սէր՝ մեզ փրկելու ամէն տեսակ չարիքէն, անգամ մահէն, նշեց ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով այդ սիրոյ գերագոյն արարքին` որ է Յիսուսին մեզի համար կեանքին նուիրումը խաչին վրայ, որ «աշխարհի պատմութեան ամենակարեւոր իրադարձութիւնն» է եւ կը բացայայտէ մեր մեծ արժանապատւութեան եւ մեր գոյութեան իմաստը․

Սուրբ Հաղորդութիւնը՝ Եկեղեցւոյ ամենէ թանկարժէք գանձը

Եկեղեցին սերունդէ սերունդ խնամքով կը պահպանէ Տիրոջ մահուան եւ յարութեան յիշողութիւնը որպէս իր ամէնէ թանկարժէք գանձ եւ այդ «գանձերու գանձը» կը փոխանցէ Սուրբ Հաղորդութեան միջոցաւ, նկատել տուաւ այնուհետեւ Լեւոն ԺԴ․ Պապը։

«Հին ժամանակներէ ի վեր Եկեղեցին կը Պատարագէ՝ յիշելու համար Յիսուսին իրեն համար գործած արարքը ։ Քահանայի ձեռքերուն մէջ եւ անոր խօսքերով՝ «Սա է իմ մարմինս... Սա է իմ արիւնս», Յիսուսը մինչ օրս Ինքզինք կը զոհաբերէ Խորանին», ուստի, ըստ Քահանայապետին, Պատարագը կը փրկէ մեզ, կը փրկէ աշխարհը»։

«Քրիստոնեաները Պատարագի չեն երթար պարտականութենէ դրդուած, այլ՝ որովհետեւ անոնց անհրաժեշտ է այս աստուածային կեանքը» յարեց ապա Ան։

Պատարագը սրբազան տօն, բայց նաեւ՝ մեծ լրջութեան պահ

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, ի մասնաւորի ​​երիտասարդներուն, որոնք կը նուիրաբերեն իրենք իրենց որպէս խորանի ծառաներ ապա յորդորեց Պատարագի ընթացքին յիշել խորհուրդին սրբութիւնը՝ յարգանքի, լռութեան, արժանապատւութեան եւ ծիսական գեղեցկութեան վերաբերմունքով։ «Պատարագը սրբազան տօն է, բայց նաեւ մեծ լրջութեան պահ», ըսաւ ի վերջոյ Սրբազան Հայրը եւ յորդորեց խորհիլ Յիսուսի քահանայ ըլլալու կոչման մասին, որ կարեւոր է յատկապէս այսօր, երբ Ֆրանսայի մէջ քահանաներու պակասը լուրջ խնդիր է Եկեղեցւոյ եւ Աշխարհին համար: Քահանայի կեանքը հրաշալի է, քանի որ ամէն օր կարող է հանդիպիլ Յիսուսին եւ զայն առաջարկել աշխարհին», շեշտեց ի վերջոյ Քահանայապետը եւ ճառը աւարտեց անգամ մը եւս նշելով` որ այս Սուրբ տարին հնարաւորութեան է մօտ ըլլալու Յիսուսին, խորացնելու մեր հաւատքը, ապրելու յոյսով եւ նուիրուածութեամբ՝ թոյլ տալով, որ Անոր սէրը լուսաւորէ մեր կեանքի իւրաքանչիւր կողմը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2025, 12:09