Pope Leo XIV receives in audience Zimbabwe's President Mnangagwa

Լեւոն ԺԴ Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Զիմպապուէյի նախագահին

«Պետական ​​քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ զրոյցի ընթացքին ընդգծուեցան Սուրբ Աթոռի և Զիմպապուէյի միջև գոյութիւն ունեցող լաւ յարաբերութիւնները, և քննարկուեցան երկրի քաղաքական և սոցիալ-տնտեսական իրավիճակի որոշակի իրականութիւնները, մասնաւորապէս՝ տեղական եկեղեցւոյ հետ համագործակցութիւնը կրթութեան և առողջապահութեան ոլորտէն ներս»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 30 Օգոստոս 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Առաքելական Պալատէն ներս ունեցած տարբեր առանձնական հանդիպումներու շարքին, իր մօտ հիւրընկալեց Զիմպապուէյի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Էմմերսոն Տամպուզտօ Մնակակուային։ Լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ, որուն մէջ նշուած է նաեւ թէ Սրբազան Պապին հետ ունեցած հանդիպումէն ետքը Զինպապուէյի նախագահը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, որուն կ՜ընկերանար Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր։

«Պետական​​քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ զրոյցի ընթացքին ընդգծուեցան Սուրբ Աթոռի և Զիմպապուէյի միջև գոյութիւն ունեցող լաւ յարաբերութիւնները, և քննարկուեցան երկրի քաղաքական և սոցիալ-տնտեսական իրավիճակի որոշակի իրականութիւնները, մասնաւորապէս՝ տեղական եկեղեցւոյ հետ համագործակցութիւնը կրթութեան և առողջապահութեան ոլորտէն ներս» նշուած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ ու ապա կը կարդանք. «Զրոյցի շարունակութեան ընթացքին կարծիքներու փոխանակում տեղի ունեցաւ նաև տարածաշրջանային հարցերու շուրջ՝ ընդգծելով ազգերու միջև բազմակողմանիութեան, երկխօսութեան և համագործակցութեան խթանման կարևորութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2025, 13:46