Շահոյթի կռապաշտութիւնը կը սպառնայ արդարութեան եւ խաղաղութեան․ Սրբազան Քահանայապետը՝ Ռիմինիի «միթինկի» մասնակիցներուն
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«Անապատային վայրերուն մէջ մենք նոր աղիւսներով պիտի կառուցենք»․ահա այս խորագիրով է որ պիտի գումարուի Ռիմինիի ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան 46-րդ հանդիպումը, որուն առիթով Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը, Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ, պատգամ մը ուղղեց Ռիմինիի Եպիսկոպոս Գերապայծառ Նիքքոլօ Անսելմիին։
Նշենք, որ «Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում» կաթողիկէ շարժումի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուող ամէնամեայ «միթինկը» այս տարի պիտի կայանայ Օգոստոս 22էն 28ը։
Նիւթը՝ «նոր աղիւսներով» կառուցել անապատի մէջ
Նամակին սկիզբը, Ծիրանաւորը՝ փոխանցելէ ետք Սրբազան Հօր ողջոյնները կազմակերպիչներուն, կամաւորներուն եւ բոլոր մասնակիցներուն, յղում կը կատարէ հանդիպումի տիտղոսին՝ նկատելով, որ ան անապատի մէջ «նոր աղիւսներով» կառուցելու յոյսի կոչ է, քանզի անապատը մէկ կողմէ փորձութեան եւ անհիւրընկալ վայր է, բայց Սուրբ Գիրքին մէջ նաեւ ազատութեան եւ հաւատքի ծննդավայր է, որտեղ Աստուած կը ձեւաւորէ իր ժողովուրդը եւ ճանապարհորդութեան ընթացքին եւ դժուարութիւններու մէջ կը հասուննայ ազատութիւնը. Աստուած անապատը կը վերածէ յոյսի այգիի. մարգարէները այդ կը մեկնաբանեն որպէս վայր, որմէ չեն կարող բաժնուիլ․ «Հազարամեակներ շարունակ միանձնուհիներն ու վանականները բնակուած են անապատին մէջ՝ մեր բոլորի անունով՝ ներկայացնելով ողջ մարդկութեանը՝ լռութեան եւ կեանքի Տիրոջ առջեւ»։
Առաքելութիւնը ներկայութիւն եւ երկխօսութիւն է, ինքնացուցադրում չէ:
Այս իմաստով Սրբազան Հայրը գնահատեց Ռիմինիի հանդիպման ծիրէն ներս կազմակերպուած Ալճերիոյ նահատակներուն նուիրուած ցուցահանդէսը, կը շարունակէ Պետքարտուղարը Պապի անունով իր գիրը, ապա կը շեշտէ, որ անոնք կը վկայեն Եկեղեցւոյ մը մասին, որ «կը բնակի անապատին մէջ»՝ հաղորդակցելով ողջ մարդկութեան հետ, առաջարկելով «կեանքի երկխօսութիւն», եւ ոչ թէ՝ ինքնութիւններու բախում, յաղթահարելով կրօններու եւ մշակոյթներու միջեւ անվստահութեան պատերը՝ Աստուծոյ Որդւոյն մարմնացման եւ պարգեւի միջոցաւ: Առաքելութիւնը ներկայութիւն եւ երկխօսութիւն է, ինքնացուցադրում չէ:
Խթանել բռնութեան դէմ կրթութեան ծրագրերը
«Երբ պետական եւ միջազգային հաստատութիւններու պատասխանատուները չեն յաջողիր գերիշխել տալու իրաւունքը, կրօնական համայնքները եւ քաղաքացիական հասարակութիւնը պէտք է համարձակութիւնը ունենան մարգարէանալու, որ կը նշանակէ դէպի անապատ մղուիլ եւ հիմակուընէ տեսնել թէ ինչ կրնայ ծնիլ աւերակներէն եւ չափազանց շատ անմեղ տառապանքներէն», կը շարունակէ Ծիրանաւորը եւ ասկէ մեկնելով կը յիշեցնէ Լեւոն ԺԴ․ Պապին՝ իտալացի եպիսկոպոսներուն ուղղած կոչը․ «խթանել բռնութեան դէմ կրթութեան ծրագրերը, տեղական հակամարտութիւններէն ներս միջնորդական նախաձեռնութիւնները եւ հիւրընկալութեան նախագիծերը, որոնք ուրիշներու նկատմամբ վախը կը վերածեն հանդիպման հնարաւորութիւններու»:
Խաղաղութիւնը հոգեւոր ցնորք չէ
Խաղաղութիւնը հոգեւոր ցնորք չէ. ան համեստ ուղի մըն է՝ կազմուած ամենօրեայ ժեսթերէն, որ կը միահիւսէ համբերութիւնն ու քաջութիւնը, ունկնդրութիւնը եւ գործողութիւնը։ Եւ այսօր, առաւել քան երբեւէ, կը պահանջէ մեր զգօն եւ ստեղծագործ ներկայութիւնը» (Պատգամ Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասին, 17 Յունիս 2025):
Հետեւաբար, կրկին կը պնդէ Կարդինալ Փարոլինը, «Սրբազան Հայրը մեզ կը քաջալերէ մշակութային փոխակերպումը, ուր հաւատքը, յոյսը եւ բարեգործութիւնը կը վերածուին գործողութիւններու, ուր աղքատներու համար ընտրութիւնը «աստուածաբանական դասակարգ է՝ նախքան մշակութային, ընկերաբանական, քաղաքական կամ փիլիսոփայական ըլլալը» «ինչպէս մեզ սորվեցուցած է սիրելի Ֆրանչիսկոս Պապը» (Evangelii Gaudium, 198), կը յարէ Ծիրանաւորը։
Քրիստոնէական ներկայութիւնը՝ զինաթափուած եւ զինաթափող
Քրիստոնէական ներկայութիւնը՝ զինաթափուած եւ զինաթափող, պէտք է թարգմանուի արդարութեանը եւ խաղաղութեանը սպառնացող շահոյթի կռապաշտութեան հակազդելու համար։ Թուային յեղափոխութիւնը, իր հերթին, որ կը սպառնայ մեծցնել խտրականութիւնը, պէտք է բնակեցուի Սուրբ Հոգիով, որպէսզի անապատը դառնայ այգի, իսկ «Աստուծոյ քաղաքը» վերափոխէ մեր անմարդաբնակ վայրերը, կ’աւարտէ Լեւոն ԺԴ․ Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութեամբ իր պատգամը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
