Սրբազան Պապին առաջին թուային հանդիպումը ամերիկացի երիտասարդներու հետ` 21 նոյեմբերին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Յառաջիկայ` 21 նոյեմբեր 2025-ին, Լեւոն ԺԴ Սրբազան Քահանայապետը իր ընտրութենէն ետք առաջին անգամն ըլլածով, ուղիղ եթերով առցանց կապով պիտի մասնակցի Միացեալ Նահանգներու Կաթողիկէ Երիտասարդներու հովուական ծառայութեան ազգային դաշնութեան կողմէ կազմակերպուած 14-էն 18 տարեկան ամերիկացի գրեթէ 15 հազար երիտասարդներու հաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ` Կաթողիկէ Երիտասարդներու ազգային Համաժողովի լիագումար նիստի շրջագիծէն ներս։
Ձեռնարկը նախատեսուած է տեղական ժամով 10.15 (ԱՄՆ-ի արևելեան շրջանի ժամանակով) եւ պիտի տեւէ 45 վայրկեան, որուն ընթացքին Սրբազան Պապը պիտի զրուցէ պատանիներէն մի քանիներուն հետ։
«Այս մէկը նշանակալից հնարաւորութիւն մը պիտի ըլլայ երիտասարդներուն համար` զգալու տիեզերական Եկեղեցւոյ հոգատարութիւնը իրենց նկատմամբ» կը կարդանք այս առիթով հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ, ուր նաեւ նշուած է, որ այս ձեռնարկը կազմակերպուած է Թուային Աշխարհի Ազդեցիկ անձերու Յոբելեանի հետքերով, զոր տեղի ունեցաւ անցեալ 28 եւ 29 Յուլիսին Հռոմի մէջ։
«Սրբազան Պապին ընտրանքը` հանդիպելու ամերիկացի երիտասարդութեան հետ, արտայայտութիւնն է Անոր կաթողիկէ երիտասարդներուն մօտիկութեան, հետեւելով իր նախորդին` Ֆրանչիսկոս Պապին որ երիտասարդները որակեց «Աստուծոյ այսօրը», հաստատեց ի միջի այլոց Ֆիլատելֆիյաի Արքեպիսկոպոս, Եպիսկոպոսական խորհրդատու և Միացեալ Նահանգներու Կաթողիկէ Երիտասարդներու հովուական ծառայութեան ազգային դաշնութեան տնօրէններու խորհուրդի անդամ` Գերապայծառ Նելսոն Ժ. Փերեսը։
Հանդիպումը պիտի հեռարձակուի ուղիղ եթերով։ Լիագումար նիստը պիտի համախմբէ համայն Միացեալ նահանգներէն հազարաւոր երիտասարդներ, հովուական ծառայութեան պատասխանատուներ, կղերականներ ու կամաւորներ, որոնք երեք օր ամբողջ պիտի նուիրուին աղօթքի, կազմաւորումի ու արարողութիւններու, Ինտինափոլիսի մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
