Ժողովուրդներուն բարիքը առաջնահերթ ըլլայ խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Քասթել Կանտոլֆոյի առաքելական պալատի մուտքէն արտասանած կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքէն ետքը, Կիրակի` 17 օգոստոսին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը ողջունեց աղօթքին առթիւ Քասթեալ Կանտոլֆօ ժամանած ուխտաւորները յատուկէն յիշելով Փաքիստանի, հնդկաստանի ու Նեփալի ժողովուրդները, որոնք թիրախ եղան ուժեղ ջրհեղեղի։
Սրբազան Պապը իր մօտիկութիւնը արտայայտեց անոնց ու իր աղօթքները ապահովեցուց զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն եւ բոլոր անոնց` որոնք կը տառապին այս աղէտի հետեւանքներէն, ապա հրաւիրեց աղօթել` որպէսզի «պատերազմներու կասեցումի եւ խաղաղութեան խթանումի ջանքերը ունենան բարի աւարտ» եւ որպէսզի «բանակցութիւններուն մէջ առաջնահերթութիւն տրուի ժողովուրդներու հասարակաց բարիքին»։
Քահանայապետը յիշեց ապա բազմաթիւ մշակութային եւ աւետարանումի ձեռնարկները որոնք ի գործ կը դրուին ամարային այս շրջանի ժամանակ յատուկէն անդրադառնալով Իտալիոյ Ռիչչոնէ քաղաքի մէջ երիտասարդական առաքելութեան ու շնորհակալութիւն յայտնելով զայն նախաձեռնողներուն ու անոր մասնակցողներուն, գեղեցիկ համարելով տեսնել թէ ինչպէս «Աւետարանի հանդէպ կիրքը բոլոր տարիքի խումբերու և միութիւններու մէջ կը խթանէ ստեղծագործութիւն ու յանձնառում։
Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց հուսկ հրապարակին վրայ գտնուող ուխտաւորներու զանազան խումբերը ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
