Որոնել

Pope Leo XIV's Angelus prayer

Զէնքերուն ձայնը պէտք է լռէ եւ պէտք է բարձրանայ եղբայրութեան եւ արդարութեան ձայնը. Լեւոն ԺԴ

Սրբազան Քահանայապետը յիշեց Ուքրանիոյ ողբերգութիւնը, կոչ ուղղելով հրաժարելու զէնքի տրամաբանութենէն աղա հրաւիրեց աղօթել ԱՄՆ-ի Միննեսոթա նահանգի մէջ անցեալ օրերուն տեղի ունեցած պատահարի զոհերուն համար, ու նաեւ Մաուրիթանիայի ափերուն մօտ նաւաբեկութեան զոհ գաղթականներուն համար։ Լեւոն ԺԴ. կոչ ուղղեց նաեւ հոգ տանելու հասարակաց տան եւ մասնակցելու Արարչագործութեան աղօթքին օրուան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Դժբախտաբար, Ուքրանիայի մէջ պատերազմը կը շարունակէ մահ և աւերածութիւններ սերմանել։ Այս վերջին օրերուն եւս ողբակոծութիւնները հարուածեցին մի քանի քաղաքներ, անոնց շարքին մայրաքաղաք Քիեւը, պատճառելով բազմաթիւ զոհեր։ Կը նորոգեմ մօտիկութիւնս ուքրանացի ժողովուրդին և բոլոր տուժած ընտանիքներուն»։ Այս խօսքերով է, որ Լեւոն ԺԴ. Պապը սկսաւ իր ողջոյնի խօսքը, ուղղուած Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն, որոնք մասնակցեցան 31 Օգոստոսի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին։

Չի յանձնուիլ անտարբերութեան

«Կը հրաւիրեմ բոլորը չի յանձնուելու անտարբերութեան այլ մօտիկ ըլլալու աղօթքի և բարեգործութեան շօշափելի արարքներու միջոցաւ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու վերահաստատեց իր «վճռական կոչը՝ անյապաղ հրադադարի և երկխօսութեան լուրջ յանձնառութիւն վերաբերեալ»։

Հրաժարիլ զէնքի տրամաբանութենէն

«Ժամանակն է, որ պատասխանատուները հրաժարին զէնքի տրամաբանութիւնէն և միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ քալեն բանակցութիւններու ու խաղաղութեան ուղիին վրայ։ Պէտք է լռէ զէնքին ձայնը եւ բարձրանայ եղբայրութեան ու արդարութեան ձայնը» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ապա յիշեց ԱՄՆ-ի Միննեսոթա Նահանգին մէջ անցեալ օրերուն տեղի ունեցած պատահարը։

Աղօթք Միննեսոթա Նահանգի պատահարի զոհերուն

«Մեր աղօթքները կը յղենք ամերիկեան Մինեսոթա նահանգի դպրոցական պատարագի ժամանակ տեղի ունեցած ողբերգական կրակոցներու զոհերուն։ Մեր աղօթքներուն մէջ կը ներարենք աշխարհի մէջ ամէն օր զոհուող և վիրաւորող անթիւ երեխաները։ Աղաչենք Աստուծոյ դադարեցնելու մեծ ու փոքր զէնքերու համավարակը, որ կը վարակէ մեր աշխարհը» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը անգլերէն լեզուով հայցելով, որ «մեր Մայրը Մարիամ՝ Խաղաղութեան Թագուհին, օգնէ մեզի իրականացնել Եսայիի մարգարէութիւնը» (Եսայի 2։4):

Նաւաբեկութեան զոհ գաղթականներուն համար աղօթք

Սրբազան Պապը յիշեց նաեւ Մաուրիթանիայի ատլանտեան ափերու մօտ դէպի Քանարեան կղզիներ ուղղուող նաւաբեկութեան ենթարկուած յիսունէ աւելի մահացած ու հարիւրի մօտ տակաւին անհետ կորած գաղթականները նշելով, որ «Այս մահացու ողբերգութիւնը կը կրկնուի ամէն օր ամբողջ աշխարհի մէջ»։

«Աղօթենք, որ Տէրը սորվեցնէ մեզի՝ որպէս անհատներ և որպէս հասարակութիւն, լիովին կիրառել իր խօսքը. «Ես օտար էի, և դուք ընդունեցիք զիս» (Մատթէոս 25։35)» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը եւ անգլերէն լեզուով աւելցուց «Մենք մեր բոլոր վիրաւորները, անհետ կորածներն ու մահացածները, ամէնուրէք, կը վստահինք մեր Փրկչի սիրող գիրկին» ու նոյնը կրկնեց նաեւ Իտալերէն լեզուով։

Արարչագործութեան Խնամքի աղօթքի օր

Ան ապա յիշեց վաղը մէկ սեպտեմբերին յիշատակուած Արարչագործութեան Խնամքի աղօթքին օրը։

Տասը տարիներ առաջ Ֆրանչիսկոս Պապը, համաձայնութեամբ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա.-ի հետ, սահմանեց այս օրը Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար: ԱՆ աւելի քան երբեք կարևոր և հրատապ է և այս տարի անոր բնաբանն է «Խաղաղութեան և յոյսի սերմեր» :

«Միացած բոլոր քրիստոնեաներուն, մենք կը յիշատակենք զայն և կը տարածենք մինչեւ  4 հոկտեմբերը Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի տօնին օրը` «Արարչագործութեան շրջանի» ընթացքին։ 800 տարի առաջ անոր կողմէ գրուած Եղբայր Արևի երգի ոգիով մենք կը գովաբանենք Աստուած և կը նորոգենք մեր յանձնառութիւնը՝ չփճացնելու անոր պարգևը, այլ հոգ տանելու մեր հասարակաց տան» յարեց ապա Լեւոն ԺԴ. ապա ողջունեց հրապարակի վրայ համախմբուած ուխտաւորներու զանազան խումբերը ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2025, 12:45