Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետն ու Եգիպտացի երիտասարդները Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետն ու Եգիպտացի երիտասարդները  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ Պապին խոր ցաւը Հռոմի մէջ մահացած դեռահաս աղջկան համար, որ եկած էր Երիտասարդներուն Յոբելեանին մասնակցելու համար

18 ամեայ Եգիպտացի աղջիկը Իտալիա եկած էր երիտասարդաց Յոբելեանին մասնակցելու համար, սակայն ցաւօք, սիրտի կատուածի պատճառաւ մահացաւ հանրակառքի մէջ , գիշերը իր բնակավայրը վերադառնալու ժամանակ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Նորին Սրբութիւնը խոր տխրութեամբ իմացաւ 18 ամեայ Փասքալ Ռաֆիքի յանկարծակի մահուան մասին, որ Եգիպտոսէն Հռոմ եկած էր մասնակցելու համար երիտասարդաց յոբելեանին»։ Այս տողերը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած յայտարարութեան մէջ, որմէ կ՝իմանանք, թէ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը կապ հաստատած է Թարսօ թեմի տիտղոսաւոր եպիսկոպոս եւ Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Հարաւային Սուտանի Յոյն Մելքիթներուն Անտիոքի Պատրիարաքական եկեղեցւոյ օգնական, Գերապայծառ Ժան Մարի Շամի հետ, իր Հոգեւոր մօտիկութիւնը յայտնելու համար դեռահասին ընտանեկան պարագաներուն ինչպէս նաեւ ողջ համայնքին։

Հաղորդագրութեան մէջ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց, որ այսօր՝ 2 օգոստոսին, ուշ առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ կը հանդիպեցաւ խումբ մը ուխտաւորներուն՝ Երիտասարդ Փասքալի ճամբորդութեան ընկերակիցներուն հետ ու անոնց փոխանցած պատգամին մէջ ըսաւ. 

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այս առաւօտ ստացայ ձեր ուխտագնացութեան ընկերացող երեկ գիշեր յանկարծամահ եղած ձեր քրոջ տխուր լուրը։ Վստահաբար, մահուան պատճառած տխրութիւնը շատ մարդկային է եւ շատ հասկնալի, յատկապէս երբ մենք հեռու ենք տունէն եւ այնպիսի ժամանակ երբ մենք միասին ենք՝ ուրախութեամբ տօնելու մեր հաւատքը։ Եւ յանկարծ, մեզի ուժեղօրէն կը յիշեցնեն, որ մեր կեանքը մակերեսային չէ, որ մենք վերահսկողութիւն չ՝ունինք մեր կեանքի նկատմամբ եւ մենք չենք գիտեր ինչպէս՝ Յիսուս ինք ըսած է, ո՛չ օրը, եւ ոչ ալ ժամը, երբ, ինչ-ինչ պատճառներով կ՝աւարտի մեր երկրային կեանքը» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով «Բայց մենք Աւետարանէն կ՝իմանանք նաեւ թէ այն ինչ որ Մարթան Եւ Մարիամը բացայայտեցին երբ իրենց եղբայրը Ղազարոս մահացաւ, եւ երբ Յիսուսի սկիզբը իրենց հետ չէր ու հասաւ մահէն շատ օրեր ետք, անոնք հասկցան, որ Յիսուսը կեանքն ու Յարութիւնն է։

Քահանայապետը ապա յիշելով Օգոստինոսի խօսքը ըսելով. «Սուրբ Օգոստինոս կ՝ըսէր որ երբ մէկ մը կը մեռնի, շատ բնական է լաք ու տառապիլ, ու զգալ մեզի սիրելի մէկու մը կորուստը, Ան կ՝ըսէ նաեւ պէտք չէ ողբալ հեթանոսներուն նման, որովհետեւ մենք խաչին վրայ տեսանք Քրիստոսի մահը ինչպէս նաեւ մահէն Յարութիւն առնելը։

Լեւոն ԺԴ Պապը շեշտեց, որ Յարութեան մէջ մեր յոյսը, մեր վերջին աղբիւրի յոյսն է ու մենք կը խօսինք յոյսի յոբելինական տարուան մասին, մեր յոյսը Յարուցեալ Յիսուսի Քրիստոսն է ։ Ան մեզ կը կանչէ վերանորոգելու մեր հաւատքը, մեզ կը կանչէ ըլլալու իրարու միջեւ բարեկամներ, քոյրեր եւ եղբայրներ ու օգնել մէկը միւսին ու Յիսուս մեզի կ՝ըսէ. Դուք պէտք էք ըլլայ վկաները այս աւետարանին պատգամին ։

Քահանայապետը նկատել տուաւ, որ բոլորը ձեւով մը անձնական եւ անմիջական կերպով ազդուեցան այս դէպքէն ու այս ցաւին մէջ զոր կ՝ապրին բարեկամուհի կորուստը ունինհնարաւորութիւնը աղօթելու, միասին ըլլալու, վերանորոգելու հաւատքը եւ Աստուծմէ հայցելու մեր քրոջ յաւիտենական կեանք նաեւ մխիթարութիւն ու մեր հաւատքի վերանորոգումը, որպէսզի վերանորոգուի յոյսի մէջ, որպէս եկեղեցի, որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր։

Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամը աւարտեց հրաւիրելով աղօթելու Տիրոջ որպէսզի մեր հետը ըլլայ ու ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց հետ որոնք կ՝ապրին յոյսի ուխտագնացութեան տարին եւ որպէսզի բոլորը պաշտպանուած ըլլան Աստուծոյ սէրով եւ շնորհքով։

Հայցելով բոլորին վրայ Ամենակալ Աստուծոյ օրհնութիւնը քահանայապետը պատգամը աւարտեց մաղթելով որ որ Տէրը բոլորին հետ հետ ու խաղաղութիւն տայ բոլորին սիրտերուն։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հաղորդագրութիւնը եզրափակեց յայտնելով, որ Նորին Սրբութիւնը կիսելով այս ողբերգական դէպքէն տուժածներու վիշտը կ՝աղօթէ երիտասարդուհիին հոգիին համար, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ մխիթարութիւնը կը հայցէ ընտանեկան պարագաներուն, բարեկամներուն ու բոլոր սգացողներուն համար։

Նշենք, թէ 18 ամեայ երիտասարդուհին իր խումբին հետ միասին կը մնար Հռոմի Արթէնա շրջանին ժողովրդապետութեան մէջ եւ սիրտի հիւանդութիւն ունէր, ըստ հաղորդագրութիւններուն առաւօտեան, ան արդեն բողոքած էր թեթեւ անհանգստութենէն ու անմիջապէս բժշկական քննութեան ենթարկուելով չէր նկատուած ոչ մէկ լուրջ խնդիր։ 1 օգոստոսին, խումբին հետ, Հռոմի մէջ տեղի ունեցած միջոցառումէն ետք իր բնակավայրը վերադառնալու ժամանակ, ճամբորդութեան ընթացքին հանրակառքին մէջ, ինքզինք վատ զգալով մահացած է ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2025, 15:34