Լեւոն ԺԴ. Քրիստոնէութիւնը աւելի եղբայրական աշխարհի նուիրուածութիւն է
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 28 նոյեմբերին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց Ֆրանսայէն ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած Քրէթէյ թեմի քաղաքական պաշտօնեաներուն պատուիրակութեան անդամները։
Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց ներկաները յոյսով զօրացած եւ աւելի հաստատակամ վերադառնալու իրենց առօրեայ կեանքին մէջ ու աշխատին՝ կառուցելու համար աւելի արդար, աւելի մարդկային, աւելի եղբայրական աշխարհը մը, «Աւետարանին նուիրուած աշխարհ մը»։
Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Արեւմտեան հասարակութիւններուն մէջ ապրուած տարբեր ծայրայեղականութիւններուն առջեւ, որպէս Քրիստոնեաները չենք կրնար աւելի բան ընել, քան Քրիստոսին դիմել եւ խնդրել Անոր օգնութիւնը մեր պարտականութիւնները կատարելու համար։«Այս պատճառով ձեր ուղեւորութիւնը, ոչ միայն պարզապէս անձնական հարստութիւն է, այլ մեծ նշանակութիւն ունի եւ մեծ օգուտ կը բերէ ձեր ծառայած մարդոց եւ կանանց»։
Բարձր գնահատելով ապա Ֆրանսայի մէջ ներկաներուն կատարած աշխատանքները, Քահանայապետը նշեց, որ ֆրանսայի մէջ քաղաքական գործիչին համար «սխալ հասկցուած աշխարհաշինութեան պատճառով, դիւրին չէ գործել եւ որոշումներ կայացնել հանրային պարտականութիւնները կատարելու համար՝ իր հաւատքին համապատասխան»։
Նորին Սրբութիւնը ապա ընդգծեց, թէ դիմագրաւելու համար ընկերային մեծ խնդիրները, ինչպէս անվտանգութեան, աղքատութեան, անգործութեան, թմրամոլութեան հետ կապուած խնդիրները, « Քրիստոնեայ պատասխանատուն զօրաւոր է եղբայրսիրութեան առաքինութեամբ», ստացած մկրտութեան խորհուրդով։
«Եղբայրսիրութիւնը Աստուծոյ պարգեւն է, որ ուժ կու տայ դիմագրաւելու ժամանակից աշխարհի հարցերը եւ ներքնապէս խորապէս վերանորոգելու հաստատութիւնները, ընկերային կազմակերպութիւնները, իրաւական համակարգերը։ «Այս տեսանկիւնէն եղբայրսիրութիւնը կը դառնայ ընկերային եւ քաղաքական բարեգործութիւն, ընկերային բարեգործութիւն մեզի կը ստիպէ սիրել ընդհանուր բարօրութիւնը եւ արդիւնաւէտօրէն ձգտիլ բոլոր մարդոց բարօրութեան։
Քահանայապետը հրաւիրեց ներկաները վերանորոգուելու իրենց հաւատքին մէջ, խորացնելու կաթողիկէ վարդապետութիւնը, մասնաւորապէս ընկերային վարդապետութիւնը, զոր Յիսուս սորվեցուց ու կիրարկելու գործառոյթներու եւ օրէնքներուն մշակումին մէջ։
Նորին Սրբութիւն պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն անոնց կատարած այցելութեան համար ու վստահեցուց իր անկեղծ քաջալերանքը անոնց հայրենակիցներուն մատուցած ծառայութեան մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
