Պապին ցաւակցութիւնը Կանայի մէջ տեղի ունեցած վթարի զոհերուն համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ հեռագիր ուղղեց Կանայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ, Սունյանի թեմի եպիսկոպոս, գերապայծառ Մաթիու Ք Կեամֆի։ Հեռագիրին մէջ քահանայապետի իր հոգեւոր մօտիկութիւնը յայտնեց Ազգին այս դժուար պահերուն, Ափրիկեան երկրին մէջ ռազմական ինքնաթիռի վթարէն ետք, որուն հետեւանքով զոհուեցան պաշտպանութեան նախարար, Էտվար Օմանէ Պուամա եւ շրջակայի միջավայրի նախարար Իպրահիմ Մուրթալա Մուհամմատ ինչպէս նաեւ վեց անձեր։
Հեռագրին մէջ քահանայապետը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց նախարարներու, կառավարական պաշտօնեաներուն եւ մահացածներուն կապակցութեամբ որոնք կորսնցուցին իրենց կեանքը։ Քահանայապետը մահացածներուն հոգիները յանձնեց Ամենակարող Աստուծոյ ողորմածութեան ու « կ՝աղօթէ բոլոր անոնց որոնք սգան անոնց կորուստը, յատկապէս անոնց ընտանիքներուն համար»։
Կանայի զինուած ուժերուն Z9 ուղղաթիռը վթարի ենթարկուեցաւ երկրի հարաւային կողմը գտնուող Աշանդի մարզին մէջ։ Ան թռիչք կատարեց մայրաքաղաք Աքքրայէն տեղական ժամանակացոյցով 9,12ին եւ ուղղուած է դէպի Հիւսիս Արեւմուտք՝ դէպի Օպուասի։ Ինքնաթիռին մէջ կային անձնակազմի երեք անդամներ, երեք պետական պաշտօնեաներ։ Վթարի պատճառը տակաւին յայտնի էջ։ Կանայի նախագահ Ժոն Մահամա ազգային սուգ յայտարարեց։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
