Որոնել

Քոլոմպիայի Պոկոթա քաղաքին մէջ 20էն մինչեւ 21 օգոստոս, գումարուած Բարոյական Աստուածաբանութեան միջազգային 27-րդ համագումար Քոլոմպիայի Պոկոթա քաղաքին մէջ 20էն մինչեւ 21 օգոստոս, գումարուած Բարոյական Աստուածաբանութեան միջազգային 27-րդ համագումար 

Լեւոն ԺԴ. Լուծել հակամարտութիւնները հասկացողութեամբ և համբերատարութեամբ

Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի Պետքարտուղար,Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին կողմէ ստորագրուած հեռագիրով ողջունեց Քոլոմպիայի Պոկոթա քաղաքին մէջ 20էն մինչեւ 21 օգոստոս, գումարուած Բարոյական Աստուածաբանութեան միջազգային 27-րդ համագումարին մասնակիցները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետքարտուղար,Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով հեռագիր ուղղեց Քոլոմպիայի Պոկոթա քաղաքին մէջ 20էն մինչեւ 21 օգոստոս, գումարուած Բարոյական Աստուածաբանութեան միջազգային 27-րդ համագումարին կապակցութեամբ։

Ծիրանաւորը հեռագիրին մէջ Նորին Սրբութեան ողջոյնները փոխանցեց 20էն մինչեւ 21 օգոստոս, Պոկոթային մէջ գումարուած բարոյական Աստուածաբանութեան համագումարին մասնակիցներուն, մաղթելով որ այդ օրերը առիթ հանդիսանան խորհրդածելու առկայ մարտահրաւէրներուն, փոփոխութիւններու եւ հակամարտութիւններուն մասին՝ Աստուածային յայտնութեան լոյսի ներքոյ, որ իր լրումը կը գտնէ Յիսուս Քրիստոսի մէջ։

Կարդինալ Փարոլին ապա Նորին Սրբութեան հրաւէրը փոխանցեց լուծելու հարցերը՝ հետեւելով սուրբերուն իմաստուն եւ միշտ արդիական օրինակին, ինչպէս Սուրբ Ալֆոնսօ Մարիա Տէ Լիկուորին, որ կարողացաւ գտնել հաւասարակշռուած համադրութիւն Աստուծոյ օրէնքը պահանջներու եւ մարդու խիղճի եւ ազատութեան զօրութենականութիւններուն միջեւ, միաժամանակ որդեգրելով բարեգործական, հասկցող եւ համբերատար վերաբերմունք իր եղբայրներուն հետ, դառնալով Աստուծոյ անսահման ողորմութեան տեսանելի նշան։

«Այս զգացումներով, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական պաշտպանութիւնը՝ իմաստութեան Աթոռը, սրտանց բոլոր ներկաներուն կը շնորհէ առաքելական օրհնութիւնը եւ ուրախութեամբ կը տարածէ ձեր սիրելի անձերուն եւ ընտանիքներուն», գրեց Կարդինալ Փարոլին աւարտելով Պապին անունով գրած հեռագիրը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/08/2025, 13:38