«Մանուկներու համաշխարհային Օրուայ» Քահանայապետական յանձնախումբը պիտի գործէ Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի վերատեսչութեան ներքոյ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Պետական քարտուղարութեան ընդհանուր գործերու տեղակալ Գերապ. Էտկար Փենիա Փառային շնորհած ունկնդրութեան ընթացքին 6 ոգոստոս 2025-ին, որոշեց «Մանուկներու համաշխարհային Օրուայ» Քահանայապետական յանձնախումբը ներառել Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի վերատեսչութեան ներքոյ։
Յայտնենք որ վերոնշեալ յանձնախումբը ստեղծուած էր երջանկայիշատակ Ֆրանչիսկոս Պապը 2024-ի 20 նոյեմբերին հրատարակած ինքնագիր նամակով որուն յանձնած էր պարտականութիւնը «Մանուկներու Համաշխարհային Օրուան» հովուական կազմակերպութեան խնամքը։ Առաջին օրը նշուեցաւ 25 մայիս 2024 թուականին Հռոմի Օլիմփիքօ մարզադաշտին մէջ, ի ներկայութեան Ֆրանչիսկոս Պապին եւ մասնակցութեամբ աւելի յիսուն հազար մանուկներու որոնք եկած էին տարբեր վայրերէն ու նաեւ պատերազմի դաշտ դարձած երկիներէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
