Թող վերջ դրուի Սուրբ Երկրին մէջ հակամարտութեան. Լեւոն ԺԴ. Պապին նորոգուած զօրեղ կոչը

«Ես կ՛ աղերսեմ որ ազատ արձակուին բոլոր պատանդները, ձեռք բերուի մշտական​​հրադադար, դիւրացուի մարդասիրական օգնութեան անվտանգ մուտքը և լիովին յարգուի մարդասիրական իրաւունքը, մասնաւորապէս՝ քաղաքացիական բնակչութիւնը պաշտպանելու պարտաւորութիւնը ինչպէս նաեւ խմբային պատժի, ուժի անխտիր կիրառման և բնակչութեան հարկադիր տեղահանման արգելքը» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. իր հակառակութիւնը արտայայտելով Կազայի շրջանին մէջ պատահած անհեթեթ յարձակումներուն ու Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ որդեգրուած տեղահանումի ծրագիրներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 27 օգոստոս 2025-ի առաւօտեան Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Լեւոն ԺԴ Սրբազան Պապը զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք ունկնդրութեան մասնակցող բազմահազար հաւատացեալները, նախ քան իտալացի ուխտաւորներուն ուղղելիք ողջոյնի խօսքը, զօրեղ կոչ մը ուղղեց պահանջելով որ անմիջապէս դադրեցուի Սուրբ Երկրին մէջ պատերազմը, միանալով նաեւ Երուսաղէմի Յոյս Օրթոտոքս եւ Լատին Պատրիարքներու կոչին վերջն դնելու բռնութեան պարոյրին։

Նորին Սրբութիւնը նախ յիշեց անցեալ ուրբաթ օր կայացած աղօթքի եւ պահքի օրը, «որով ընկերացանք պատերազմներու պատճառաւ տառապող եղբայրներուն եւ քոյրերուն» եւ ասկէ մեկնելով հաստատեց` որ «Այսօր կրկին կոչ կ՛ընեմ ինչպէս ներգրաւուած կողմերուն, այնպէս ալ միջազգային հասարակութեան՝ դադարեցնելու Սուրբ Երկրին մէջ հակամարտութիւնը, որ այդքան շատ ահաբեկչութիւն, աւեր և մահեր պատճառեց»։

«Ես կ՛ աղերսեմ որ ազատ արձակուին բոլոր պատանդները, ձեռք բերուի մշտական​​ հրադադար, դիւրացուի մարդասիրական օգնութեան անվտանգ մուտքը և լիովին յարգուի մարդասիրական իրաւունքը, մասնաւորապէս՝ քաղաքացիական բնակչութիւնը պաշտպանելու պարտաւորութիւնը ինչպէս նաեւ խմբային պատժի, ուժի անխտիր կիրառման և բնակչութեան հարկադիր տեղահանման արգելքը» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. իր հակառակութիւնը արտայայտելով Կազայի շրջանին մէջ պատահած անհեթեթ յարձակումներուն ու Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ որդեգրուած տեղահանումի ծրագիրներուն։

«Ես կը միանամ Երուսաղեմի Յոյն ուղղափառ և լատին պատրիարքներու համատեղ յայտարարութեան, որոնք երեկ կոչ ըրին դադարեցնելու բռնութեան այս պարոյրը, վերջ դնելու պատերազմին և առաջնահերթութիւն տալու բոլոր մարդոց ընդհանուր բարօրութեան» ըսաւ իր կոչի մէջ Լեւոն ԺԴ. ու հրաւիրեց բոլոր հաւատացեալները աղօթելու «մխիթարութեան եւ յոյսի աղբիւր Խաղաղութեան Թագուհի Սուրբ Կոյս Մարիամին»։ Անոր բարեխօսութիւնը, աւելցուց Ան, թող մեզի համար ընդունի հաշտութիւն ու խաղաղութիւն այդ Երկրին մէջ որ բոլորիս համար սիրելի է։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2025, 11:15