Որոնել

Լիտվացի Յիսուսեան Հայր Անտրիուս Ռուտամինայի Լիտվացի Յիսուսեան Հայր Անտրիուս Ռուտամինայի  

Քահանայապետական հեռագիր առաջին լիտվացի առաքեալի Հնդկաստան ժամանման 400-ամեակի մասնակիցներուն

Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութեամբ Լեւոն ԺԴ. Պապին հեռագիրը առաջին լիտվացի՝ Յիսուսեան Հայր Անտրիուս Ռուտամինայի Հնդկաստան ժամանման 400-ամեակի տօնակատարութեան մասնակիցներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հնդկաստանի Old Goa-ի պատմական տաճարի սրտին մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր տօնակատարութեան առիթով, որ նուիրուած էր լիտվացի առաջին յիսուսեան առաքեալ` հայր Անտրիուս Ռուտամինայի՝ միսիոներական եռանդի և միջ մշակութային երկխօսութեան խորհրդանշական դէմքի Հնդկաստան ժամանման չորս հարիւր ամեակին, Լեւոն ԺԴ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ հեռագիր մը յղեց բոլոր մասնակիցներուն, որուն մէջ նախ իր ողջոյնն ու սէրը փոխանցեց հաւատացեալներուն ապա գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ` «այս միսիոնար քահանայի թողած վկայութեան համար, որուն կաթողիկէ ամուր հաւատքը այսօր եւս տեսանելի է Լիթուանիոյ մէջ»։

«Նորին Սրբութիւնը կ՛ աղօթէ, որպէսզի Աւետարանի փրկարար լուրը բոլոր ժողովուրդներուն հասցնելու նման առատաձեռնութեան և քաջութեան տօնակատարութիւնը մեր ժամանակներուն եւս խրախուսէ շատերը նոյնքան համբերատարութեամբ և խորաթափանցութեամբ արձագանքելու աւետարանութեան գործին» գրուած է հեռագիրին մէջ ու ապա արտայայտուած է Սրբազան Քահանայապետին փափաքը, որ տեղական այդ Եկեղեցւոյ հաւատացեալները, իրենց հաւատքը կառուցելով Հայր Ռուտամինայի միսիոներական եռանդի և անոր թողած երկխօսութեան ու մշակութային ընդելուզման արտասովոր ժառանգութեան հիմքերուն վրայ, իրենք զիրենք քաջալերուած զգան, յատկապէս այս Յոյսին նուիրուած Յոբելենական Տարուան ընթացքին, խթանելու ըլլայ համամիութենական ըլլայ միջ-կրօնական երկխօսութիւնը, որ ծառայէ համայն ընկերութեան` որպէս տիպար եղբայրական ներդաշնակութեան, հաշտութեան ու համերաշխութեան»։

«Այս զգացումներով Սրբազան Հայրը բոլոր ներկաներուն ի սրտէ կ՛առաքէ իր առաքելական օրհնութիւնը, որ կը տարածէ անոնց ընտանիքներուն վրայ՝ որպէս ուրախութեան և խաղաղութեան գրաւական մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի մէջ» գրուած է առաջին լիտվացի՝ Յիսուսեան Հայր Անտրիուս Ռուտամինայի Հնդկաստան ժամանման 400-ամեակի տօնակատարութեան մասնակիցներուն ուղղուած Լեւոն ԺԴ. Պապին Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութեամբ ուղղուած հեռագիրի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2025, 13:00