Որոնել

ITALY-VATICAN-RELIGION-POPE

22 օգոստոսին պահք եւ աղօթք վասն Խաղաղութեան

Լեւոն ԺԴ. Պապը անցեալ 20 օգոստոսի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին հրաւէր ուղղած էր 22 օգոստոսը` Թագուհի Սուրբ Կոյս Մարիամի Աստուածանայ տօնին օրը նուիրելու խաղաղութեան ի սպաս աղօթքի եւ ծոմապահութեան, յատուկէն աղօթելով Սուրբ Երկրի եւ Ուքրանիոյ մէջ ու նաեւ հակամարտութիւններէ տառապող աշխարհի այլ երկիրներուն մէջ խաղաղութեան հաստատումին համար
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յաջորդ ուրբաթ՝ 22 օգոստոսին, մենք պիտի նշենք Երկնքի Թագուհի՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի յիշատակը։ Մարիամը հաւատացեալներու Մայրն է երկրի վրայ և անուանուած է նաեւ Խաղաղութեան Թագուհի։ Մինչ մեր աշխարհը կը շարունակէ վիրաւորուիլ Սուրբ Երկրի, Ուքրանիայի և աշխարհի շատ այլ շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող պատերազմներէ, ես կը հրաւիրեմ բոլոր հաւատացեալները 22 օգոստոսը ապրելու ծոմապահութեան և աղօթքի մէջ՝ աղաչելով Տիրոջ, որ մեզի պարգեւէ խաղաղութիւն և արդարութիւն և չորցնէ շարունակուող զինուած հակամարտութիւններու պատճառով տառապողներուն արցունքները»։ Այս խօսքերով է որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը անցեալ չորեքշաբթի 22 օգոստոսին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին խրախուսեց հաւատացեալները հայցելու հաշտութեան շնորհքը աշխարհի մը մէջ որ միշտ աւելիով թիրախ է բռնութեան։

Օրը երբ Եկեղեցին կը նշէ Երկնքի Թագուհի՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի յիշատակը, Սրբազան Պապը կոչ ուղղեց բոլորին դիմելու Անոր, որ «կոչուած է նաև` Խաղաղութեան Թագուհի», որպէսզի անոր բարեխօսութեամբ մարդիկ կարողանան գտնել հաշտութեան ճանապարհը։

Փրեվոսթ Քահանայապետի կողմէ առաջարկուած այս ձեռնարկը կը հետեւի իր նախորդին` Ֆրանչիսկոս Պապին ձեռնարկներու հետքերուն որ քահանայապետութեան 12 տարիներու ընթացքին բազմաթիւ անգամներ  հրաւիրեց Աստուծոյ Ժողովուրդը ծոմապահութեան եւ աղօթքի օր մը յատկացնելու խաղաղութեան, ինչպէս պատահեցաւ իր ընտրութենէն վեց ամիս ետքը 2013-ի եօթը սեպտեմբերին; երբ Ան աղօթքի օր մը յատկացուց` Աստուծմէ հայցելու խաղաղութեան «մեծ պարգեւը», Սուրիոյ, Միջին Արեւելքի ու համայն աշխարհին համար, որուն ընթացքին հանգուցեալ Քահանայապետը հրաւիրեց բոլորը դառնալու «խաղաղութեան եւ հաշտութեան կիներ ու այր մարդիկ»։

Պերկոլիօ Քահանայապետը ապա այլ առիթներով եւս կազմակերպեց նման Օրեր, ինչպէս 27 հոկտեմբեր 2023-ին, Իսրայէլ Պաղեստին պատերազմի բռնկումէն քսան օր ետք, ապա 6 հոկտեմբեր 2024 -ին երբ Ան Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքա փոխադրուեցաւ Սուրբ Կոյսին նուիրելու խաղաղութեան աղերսական աղօթք մը։

Նոյնը ըրած էր նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ երբ, զօր օրինակ,  23 Յուլիս 2006-ին աղօթքի եւ ապաշխարութեան օր մը յատկացուցած էր Միջին Արեւելքի համար «խաղաղութեան թանկարժէք շնորհքը հայցելու Աստուծմէ»։ Ապա Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. երբ 14 դեկտեմբեր 2001-ին Նիու Եորքի մէջ 11 սեպտեմբերի ահաբեկչական մեծ արարքէն երեք ամիսներ ետք առաջարկած էր աղօթքի եւ պահքի օր մը ապրիլ «Ջերմօրէն աղօթելով Աստուծոյ, որպէսզի աշխարհին շնորհէ կայուն խաղաղութիւն՝ հիմնուած արդարութեան վրայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2025, 07:52