Քահանայապետին հեռագիրը Պանկլատէշի մէջ օդանաւի արկածի զոհերուն կապակցութեամբ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 22 յուլիսին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Լեւոն ԺԴ Պապին անունով ցաւակցական գիր յղեց նշելով, որ քահանայապետը խորապէս տխրած է իմանալով Տհաքայի մէջ տեղի ունեցած ռազմական օդանաւի ջախջախումի հետեւանքով զոհուածներուն մասին, որոնց շարքին են Միլեսթոն դպրոցի աշակերտները։
Նորին Սրբութիւնը յանձնելով զոհուածները Ամենակարող Աստուծոյ ողորմած սիրտին կ՝աղօթէ անոնց ընտանիքներուն, ընկերներուն համար, որպէսզի անոնք մխիթարութիւն գտնեն իրենց վիշտերուն մէջ ու վիրաւորները բուժուին։
Կարդինալ Փաորլին հեռագիրը աւարտած է նշելով , որ Քահանայապետը Աստուծոյ խաղաղութեան եւ զօրութեան օրհնութիւնը կը հայցէ ողջ դպրոցական համայնքի եւ այդ ողբերգութիւնէն տուժած բոլոր անձերուն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
