Ֆրանչիսկոս Պապը հայր Լուիս Փասքալ Տրիի հետ Ֆրանչիսկոս Պապը հայր Լուիս Փասքալ Տրիի հետ 

Ոչ եւս է Ֆրանչիսկոս Պապին ողորմածութիւն սորվեցուցած խոստովանահայր Կարդինալ Տրի

98 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց Կարդինալ Լուիս Փասքալ Տրի։ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին ցաւակցական գիրով մը Լեւոն ԺԴ. Պապին ցաւակցութիւնները փոխանցեց Պուէնոս Այրէսի արքեպիսպոսին, հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն ինչպէս նաեւ Պուէնոս Այրէսի թեմի հաւատացեալներուն ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

30 յունիսին, իր մահկանացուն կնքեց Քափուչչիներու միաբանութեան անդամ կարդինալ Լուիս Փասքալ Տրի, որուն մասին Ֆրանչիսկոս Պապ միշտ յիշած էր որպէս խոստովանահայր, որ Յիսուսէն ներողութիւն կը խնդրէր, երբ խոստովանանքի ժամանակ շատ կը ներէր։

Կարդինալ Կրի իր մահկանացուն կնքեց 98 տարեկանին Պուէնոս Այրէսի մէջ, անցեալ 30 յունիսին։ Ան ծիրանաւոր անուանուած էր Ֆրանչիսկոս Պապին օրով 2023 թուականին կարդինալական ժողովին ընթացին։

Ֆրանչիսկոս Պապ առաջին անգամ Հայր Տրին աշխարհին ճանչցուցած է 6 մարտ 2014ին, Հռոմի ժողովրդապետներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին։ Միշտ 2014ին, Քահանայապետը յիշած է Հայր Կրին «Աստուծոյ անունը ողորմութիւնը է» վերնագիրով գիրքին մէջ։ 2017ին, Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմի ժողովրդապետներուն նուիրած էր Իր ստորագրութիւնը կրող նախաբանով Հայր Տրիի «Մի վախնար ներելէ» վերնագիրով գիրքը, ։

Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Լեւոն ԺԴ. Պապին անունով հեռագիր ուղղելով Պուէնոս Այրէսի արքեպիսկոպոս գերպ Խորխէ Ինիասիօ Կարսիա Գուէրվայի, նշեց որ Լեւոն ԺԴ. Պապը կը յիշէ Արժանթինցի Քափուչչիներու միաբանութեան անդամ հայր Տրի կեանքի եւ հաւատքի վկայութիւնը, որուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապը խորապէս կապուած էր։

Ծիրանաւորը հեռագիրին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապին իր ցաւակցութիւնները փոխանցեց Քափուչիններու փոքրիկ եղբայրներ միաբանութեան անդամներուն ինչպէս նաեւ հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներու, թեմի կղերական դասի անդամներուն եւ հաւատացեալներուն։

Լեւոն ԺԴ պապը կ՝աղօթէ որպէսզի Աստուած հանգուցեալ Կարդինալ Կրի շնորհէ Փառքի անմար կրակը։ Կարդինալ Լուիս Փասքալ Տրիի մահով, կարդինալական դասը այժմ կը հաշուէ 250 կարդինալներ,  132 քահանայապետ ընտրելու իրաւունք ունեցող եւ 118 քահանայապետը ընտրելու իրաւունք չ՝ունեցող ծիրանաւորներ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2025, 14:13