FILES-DRCONGO-UNREST

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին ցաւակցական գիրը Քոմանտայի Bienheureuse-Anuarite ժողովրդապետութեան դէմ յարձակումին ի լուր

Սրբազան Քահանայապետը Աստուծմէ կը հայցէ, որ այս մարտիրոսներուն արիւնը ըլլայ խաղաղութեան, հաշտութեան, եղբայրութեան ու սիրոյ սերմ մը, համայն Քոնկոլացի ժողովուրդին համար
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հրագիրով մը` խոր ցաւ արտայայտեց ի տես Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութեան Քոմանտայի Bienheureuse-Anuarite ժողովրդապետութեան դէմ գործուած ահաբեկչական յարձակումին, որ պատճառեց բազմաթիւ զոհեր` հաւատացեալներու միջեւ, որոնք համախմբուած էին աղօթքի մէջ։

Քահանայապետը միացաւ այդ զոհերու ընտանիքներու ցաւին իր մօտիկութիւնը արտայայտելով եւ իր աղօթքները ապահովեցնելով։

«Այս ողբերգութիւնը մեզ կը կոչէ աւելիով աշխատելու այդ տարածաշրջանի վիրաւոր բնակչութեան մարդկային համապարփակ զարգացումին համար» գրուած է հեռագիրին մէջ, ուր նաեւ նշուած է` որ «Սրբազան Քահանայապետը Աստուծմէ կը հայցէ, որ այս մարտիրոսներուն արիւնը ըլլայ խաղաղութեան, հաշտութեան, եղբայրութեան ու սիրոյ սերմ մը, համայն Քոնկոլացի ժողովուրդին համար»։

Հեռագիրը աւարտած է Սրբազան Պապին առաքելական օրհնութեամբ որ ուղղուած է  Քոմանտայի ծխական համայնքին, մասնաւորապէս՝ սգացող զաւակներուն և ամբողջ ազգին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2025, 14:02