Պապի այն հեռախօսազանգը, որ աղօթքի վերածուեցաւ․ Փաոլօ Ռուֆֆինի
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Ստորեւ կը ներկայացնենք Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Փաոլօ Ռուֆֆինիի յօդուածէն հատուածներ՝ հայերէն թարգմանութեամբ․
Զրոյց Պազ Օլտրինի հետ, երկրորդ մարդը, որ 56 տարիներ առաջ Լուսնի վրայ ոտք դրաւ եւ Երկիր մոլորակը այնտեղէն իր սեփական աչքերով տեսաւ։
Քահանայապետին խօսքերը Արարչագործութեան առեղծուածի, անոր վեհութեան եւ փխրունութեան մասին, երբ Ան նոյնպէս, աստղադիտակի միջոցաւ, զմայլած էր երկնքի գեղեցկութեամբ։
Պապի սրտառուչ կոչը Իսրայէլի բանակի կողմէ Կազայի մէջ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սուրբ Ընտանիք ժողովրդապետութեան դէմ յարձակումէն ետք՝ վերջ դնելու պատերազմի բարբարոսութեան, խաղաղ լուծում փնտռելու հակամարտութեան, պահպանելու մարդասիրական իրաւունքը, յարգելու քաղաքացիներու պաշտպանութեան, հաւաքական պատժի արգելքի, ուժի անխտիր կիրառումի եւ բնակչութեան հարկադիր տեղահանումի պարտաւորութիւնը։
Համաժամանակեայ, սակայն մէկը միւսէն տարբեր դրուագներ, որոնք կը խօսին նոյն բանի մասին՝ խաղաղութեան իմաստի եւ պատերազմի անիմաստութեան մասին։ Յստակ կերպով կը նկարագրեն, թէ ինչպէս հաղորդակցութիւնը՝ բաղկացած ժեսթերէն, պատկերներէն, բառերէն, կարող է միաժամանակ ըլլալ զինաթափուած եւ զինաթափեցնող։
Պազ Օլտրինի հետ հեռախօսազրոյցը պահ մը աղօթքի վերածուեցաւ՝ թիւ 8 Սաղմոսի բառերով, որ կը խօսի Աստուծոյ գործերու մեծութեան մասին՝ երկնքի, լուսնի աստղերու, ապա նաեւ մարդու մասին՝ այդքան փոքր, բայց միեւնոյն ատեն այդքան մեծ։ Փոքրիկ մի կէտ, որ անգամ լուսինէն տեսանելի չէ։ Սակայն «Դուն պսակեցիր զինք փառքով եւ պատիւով, որպէսզի տիրէ Քու ձեռակերտիդ, եւ Դուն դրիր ամէն ինչ անոր ոտքերուն առջեւ»։
Ինչու՞ համար։ Այո՛, ինչու՞ համար։
Քիչ խօսքեր ու քիչ պատկերներ բաւարար են, որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրը կանգ առնէ սեփական պատասխանատուութեան դիմաց։ Ըսածի եւ չըսածի, ըրածի եւ չըրածի համար։ Եւ հասկնայ, որ շատ քիչ բան պէտք է կանգ առնելու եւ նորէն սկսելու համար։ Եւ հասկնայ, որ ոեւէ մէկը չի կարող իր հաւատալիք ճշմարտութիւնը կամ կրած տառապանքը բացարձակ համարել այնքան, որ օրինականացնէ անմեղ մարդկային կեանքերու ոչնչացումը։ Որովհետեւ մարդու արժանապատւութեան ոտնահարումը, վերջին հաշուով, անարգանք է Աստուծոյ դէմ, Որուն պատկերն է նոյն ինքը մարդը։ Սեփական պատմութեան ժխտում է։ Արարչագործութեան հրաշքի կործանում է։
Մեր այս փոքրիկ մոլորակը՝ բզքտուած պատերազմներով, հարուստ է խոստումով, որ արդեն իսկ գրուած է Արարչագործութեան գործողութեամբ, որ Աստուած Ինքը որոշեց բնակիլ այնտեղ եւ այդպիսով փրկագործել զայն։ Այդ պատճառով մոլորակն աւերող պատերազմները, վերջ ի վերջոյ, պիտի չի գերիշխեն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
