Լեւոն ԺԴ. Սորվինք զատորոշել եւ մերժել այն ինչ որ մեզ կը հեռացնէ Քրիստոսէն

Հրապարակուեցաւ Յուլիս ամսուայ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը սուրբ Հոգիէն կը հայցէ զատորոշելու շնորհքը։ «Մշտապէս փոփոխուող աշխարհի մէջ իմաստուն կերպով որոշելու համար, զատորոշումը աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 3 յուլիսին, «Աղօթքի համաշխարհային ցանց» քահանայապետական կազմակերպութիւնը հրապարակեց Լեւոն ԺԴ. Պապին յուլիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը, նուիրուած զատորոշումի դաստիարակութեան։

Յուլիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ Քահանայապետը ըսաւ»

Աղօթենք որպէսզի աւելի լաւ սորվինք զատորոշել, իմանալ, ընտրել կեանքի ուղիներ ինչպէս նաեւ մերժել այն ինչ որ մեզ կը հեռացնէ Քրիստոսէն եւ Աւետարանէն։

«Ով Սուրբ Հոգի՛, Դուն մեր բանականութեան լոյսը,
շունչը եւ քաղցրութիւնը մեր որոշումներուն,
տուր ինծի շնորհքը լսելու քու ձայնդ
զատորոշելու համար սիրտիս գաղտնի ճամբաները,
Որպէսի կարողանամ հասկնալ այն ինչ որ իսկապէս կարեւոր է Քեզի համար,
եւ ազատել սիրտս տանջանքներէն։

Ես Քեզմէ կը խնդրեմ՝ կանգ առնելը սորվելու շնորհքը,
որպէսզի գիտակից դառնամ իմ գործելակերպիս,
իմ մէջս բնակած զգացումներուս,
ի մէջս ներխուժող մտածումներուս,
որոնք յաճախ, ոչ իսկ կ՝ընկալեմ։

Կը փափաքիմ որ իմ ընտրութիւններս
ինծի տանին Աւետարանի ուրախութեան՝
նոյնիսկ եթէ պէտք եմ անցնիլ յոգնութեան եւ կասկածի պահերու միջոցաւ,
նոյնիսկ եթէ պէտք եմ պայքարիլ, խորհրդածել, որոնել եւ դարձեալ սկսիլ…
Որովհետեւ, ուղեւորութեան աւարտին,
Քու սփոփանքդ ճիշդ որոշումի պտուղն է։

Շնորհէ ինծի լաւ ճանչնալու այն ինչ որ զիս կը ոգեւորէ,
Մերժելու համար այն ինչ որ ինծի Քրիստոսէ կը հեռացնէ՝
Զինք աւելի շատ սիրելու եւ ծառայելու համար։

Ամէն»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2025, 14:32