Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Լեհաստանի հանրապետութեան նախագահ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 3 յուլիսին, Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Լեհաստանի հանրապետութեան նախագահ, Տիար Անտրզէյ Տուտա, նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, ընկերակցութեամբ Պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար, գերպ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է որ Պետական քարտուղարութենէն ներս ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին բարձր գնահատուած երկու կողմերու միջեւ գոյացած կայուն յարաբերութիւնները ու կեդրոնացումի նիւթ եղած է Երկրի ընկերային քաղաքական իրավիճակը։
Հանդիպումը շարունակուած է քննարկելով միջազգային հարցեր յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Ուքրանիոյ պատերազմին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
