Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը եւ Վարչապետ Ճորճ Մելոնի Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը եւ Վարչապետ Ճորճ Մելոնի  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Իտալիոյ Վարչապետ Ճորճա Մելոնի

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Լեւոն ԺԴ. Պապին Իտալիոյ վարչապետին հետ ունեցած հանդիպումի վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 2 յուլիսին, Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Իտալիոյ հանրապետութեան վարչապետ, Ճորճ Մելոնին։ Վարչապետը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար, գերպ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերի։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի որ Պետական Քարտուղարութենէ ներս ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին ընդգծուած են Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ միջեւ գոյացած երկկողմանի բարի յարաբերութիւնները ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան եւ Կազայի մէջ մարդասիրական օգնութեան նկատմամբ ընդհանուր յանձնառութիւնը։

Զրոյցի կեդրոնական նիւթ եղած է երկկողմանի յարաբերութիւններու վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ եւ Իտալիոյ հասարակութեան հետաքրքրութիւնը ներկայացնող թեմաներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2025, 15:14