Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Եւ՛ լսելը եւ՛ ծառայութիւնը՝ նուիրուածութիւն, զոհողութիւն եւ համբերութիւն կը պահանջեն։

Լեւոն ԺԴ. Պապին արտասնած քարոզը, Հռոմի արուարձանները գտնուող Ալպանօ գիւղաքաղաքի մայր տաճարէն ներս մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 20 յուլիսին, Հռոմի արուարձանները գտնուող Ալպանօ գիւղաքաղաքի մայր տաճարէն ներս, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը գլխաւորեց սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, ներկայութեամբ կղերական դասին, քաղաքական բարձրաստիճան անդամներուն, բազմաթիւ հաւատացեալներուն ու Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումները, առաջինը քաղուած Ծննդոց գիրքէն, ուր Տէրը Աբրահամին կ՝երեւի, մինչ Աբրահամ իր վրանին մէջ կը դիմաւորէր ու կ՝ընդունիր երեք մարդիկ (Ծննդ 18, 1-10), իսկ երկրորդը քաղուած Աւետարանէն, ուր կը խօսուի Մարթայի եւ Մարիամի մասին, (Ղուկ (10,38-42)։ Քարոզին մէջ Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացնելով հիւրընկալութեան կարեւորութեան վրայ ըսաւ.

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօր՝ Սուրբ Պատարագը կը մատուցանենք հրաշալի Տաճարի մը մէջ յիշելով, թէ ինչպէս այսօրուան ծիսակատարութեան մէջ կը խօսուի հիւրընկալութեան, ծառայութեան եւ ունկնդրութեան մասին, որոնք Քրիստոնէական կեանքի մէջ կեդրոնական նիւթեր են։

Այսօրուան Աւետարանի ընթերցումները մեզի ցոյց կու տան, թէ ինչպէս Աստուած կը որոշէ մեր հետ հանդիպիլ հիւրընկալութեան միջոցաւ, այնպէս ինչպէս Աբրահամը կատարեց Սարային հետ եւ որոնք հիւրընկալութիւն եւ ուտելիք նուիրելով այցելուներուն, որպէս պարգեւ ստացան նոր կեանքի եւ սերունդներուն խոստումը։

Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Աւետարանին մէջ նաեւ Յիսուս, որպէս հիւր կը ներկայանայ Մարթայի եւ Մարիամի միջեւ, անոնցմէ մէկը կ՝ողջունէ հոգատարութեամբ իսկ միւսը՝ ուշադիր կը լսէ։ Երկու ծաւալները՝ ծառայութիւնն ու ունկնդրութիւնը կարեւոր են իսկական հիւրընկալութեան համար, նաեւ մեր Աստուծոյ հետ հանդիպումին մէջ։ Կարեւոր է ստեղծել աղօթքի եւ լռութեան պահեր՝ ունկնդրելու համար Յիսուսը, որ կը խօսի մէջ սիրտին մէջ, յատկապէս ամառնային արձակուրդներուն մէջ, որոնք ժամանակ կը պարգեւեն խորհրդածելու եւ կիսելու համար։

Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը քարոզին յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին այն խօսքերը ուր  կը նշէ,  թէ Յիսուսի ոտքերուն մօտ կանգնիլը եւ ուրիշներուն հոգ տանիլը երկու փոխլրացնող վերաբերմունքներ են, որոնք մեզի կ՝օգնեն ապրելու ուրախութեամբ եւ եղբայրութեամբ, նոյնիսկ համաճարակի նման դժուար ժամանակներուն։

Եւ՛ լսելը եւ՛ ծառայութիւնը նուիրուածութիւն, զոհողութիւն եւ համբերութիւն կը պահանջեն, բայց անոնք կարեւոր են նաեւ իսկական յարաբերութիւններ եւ աւելի խաղաղ աշխարհ կառուցելու համար, ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը աւելցնելով, թէ Սուրբ Օգոստինոսը կը շեշտէ, որ այս երկու ուղիները՝ յոգնութիւնն ու հանգիստը ժամանակաւոր եւ յաւիտենական՝ անբաժանելի են. միայն մշտական աշխատանքի, բարեգործութեան եւ նուիրուածութեան միջոցաւ կարելի է հասնիլ վերջնական հանգիստի Աստուծոյ արքայութեան մէջ։

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը եզրափակեց իր քարոզը յորդորելով, որ Աբրահամը, Մարթան եւ Մարիամը մեզի կը սորվեցնեն, որ խորհրդածութիւնն ու գործողութիւնը, լռութիւնն ու աշխատասիրութիւնը պէտք են հաւասարակշռուած ըլլալ, առաջնորդուելով Յիսուսի բարեգործութեամբ, Անոր խօսքերով եւ մեզի զօրակցող շնորհքով։ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց սորվելու Աբրահամէն, Մարթայէն եւ Մարիամէն, ապրելու համար իմաստութեամբ, հիւրընկալութեամբ եւ հաւատքով գիտակցելով, որ Աստուծոյ հետ իսկական հանդիպումը կ՝իրականանայ եղբայրական ծառայութեան մէջ, ինչպէս նաեւ խոնարհ լսելու մէջ, մեր սիրտերը անոր ներկայութեան եւ խաղաղութեան եւ սիրոյ համայնք կառուցելու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2025, 09:43