Որոնել

Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթք  (Vatican Media)

Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց «Osservatore di strada- Փողոցի Զննող» ամսագիրի աշխատաւորներուն. Հնչեցուցէք ձայնը, անոնց որոնք ձայն չ՝ունին։

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին պատգամը, «Osservatore di strada- Փողոցի Զննող» ամսագիրի 3-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը պատգամով մը շնորհաւորեց «Osservatore di strada» ամսագրի 3-րդ տարեդարձ,որուն առաջին թիւը հրապարակուած է անցեալ 29 յունիս 2022ին ու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք երեք տարիներէ ի վեր կ՝աշխատին առաջ տանելու համար «իմաստալից այս փոքրիկ փորձառութիւնը»։

«Շնորհակալ եմ այս ձեր թերթին համար, որուն մասին իմ սիրելի նախորդը, Ֆրանչիսկոս Պապը ըսած է երեք տարի առաջ 29 յունիսին, Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, «վերջինները դերակատարներ կը դառնան»։ Դուք ձեր ձիրքերով կը նպաստէք այս իւրօրինակ թերթի ստեղծման եւ դուք էք, որ ամէն կիրակի օր անիկա անվճար կը բաշխէք հրապարակը գտնուող ուխտաւորներուն, այսպէսով ձեր աննկատ ներկայութեամբ կ՝ուղեկցիք Պապին, Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը արտասանելէ առաջ եւ վերջ։ Ձեր աշխատանքը կարեւոր է, որովհետեւ մեզի կ՝օգնէ, որ աշխարհին պէտք է նաեւ դիտել փողոցէն, ունենալով հեռանկարը փոխելու քաջութիւնը, կոտրելով այն օրինաչափութիւններն ու համոզումները, որոնք յաճախ մեզ կը կաշկանդեն իսկապէս եւ աւելի խոր տեսնելու ինչպէս նաեւ լսելու ձայնը անոնց որոնք ձայն չ՝ունին։ Ձեզի իմ լաւագոյն մաղթանքներս կը յայտնեմ, եկէք միասին յառաջ երթանք վստահութեամբ շարունակելով քաղաքի մէջ մարդոց բերել նաեւ Աստուծոյ քաղաքի պահերը։ «Շնորհակալութիւնը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մաղթանք յայտնելով. «Թող Տէրը միշտ ձեր հետ ըլլայ շատ ամենասիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր եւ թող, որ մենք կարողանաք ճանչնալ Աստուած ձեր մէջ» ։

Քահանայապետը պատգամը եզրափակելով յիշեց Սուրբ Օգոստինոսի խօսքը. «Երանի անոնց որոնք կը կարեկցին ուրիշներուն, որովհետեւ կարեկցանք պիտի գտնեն» ու պատգամը աւարտեց նշելով «Ձեր կարեկցանքը ու ձեր հեզութիւնը բոլորիս համար թանկարժէք պարգեւ է։ Ձեր յոյսը նաեւ դժուարութիւններուն մէջ՝ ըլլայ եկեղեցւոյ ըլլայ աշխարհի համար օրինակ է»։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2025, 10:57