Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը  (@VATICAN MEDIA)

Լեւոն ԺԴ. Ուրքանիոյ մէջ անիմաստ պատերազմ, կ՝աղօթեմ, որ շուտով խաղաղութիւնը վերադառնայ

Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Ուքրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սինոդի մասնակիցները ու անոնց ուղղեց պատգամը մը Իր մօտիկութիւնը յայտնելով Ուքրանիոյ մէջ կղերական դասին անդամներուն ու անոնց հովուական ծառայութեան յանձնուած հաւատացեալներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 2 յուլիսին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Ուքրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սինոդի մասնակիցները։

«Անցեալ շաբաթ օր, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ հաւաքուած Ուքրանիոյ Յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ բազմաթիւ ուխտաւորները ողջունելէ ետք այսօր ուրախութիւնը ունիմ հանդիպելու ձեր հետ, որ կը կատարէք ձեր սինոդական ժողովը։ Այս պահը ձեզի համար տեղի կ՝ունենայ Յոբելինական Տարուան շրջանակէն ներս, որ Աստուծոյ ժողովուրդին հրաւէր է Յոյսի մէջ նորոգուելու։ Ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապ կը սիրէր կրկնել, յոյսը չի հիասթափեցներ, քանի որ հիմնուած է Քրիստոսի, մեր Տիրոջ սիրոյ վրայ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը Ուքրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սինոդի մասնակիցներուն փոխանցած պատգամին մէջ։

Նորին Սրբութիւն ապա սինոդին մասնակիցներուն նկատել տուաւ, որ իրենց եւ Ուքրանիոյ ժողովուրդին համար ներկայ պատմական շրջանակէն ներս դիւրին չէ խօսիլ Յոյսի մասին։ Դիւրին չէ գտնել մխիթարութեան խօսքեր այն ընտանիքներու համար, որոնք կորսնցուցին իրենց սիրելիները անիմաստ պատերազմին մէջ։ Դիւրին չէ նաեւ ձեզի համար, որ ամէն օր կապի մէջ էք սիրտով եւ մարմնով վիրաւորուած անձերուն հետ։ Հակառակ ասոր, ես հաւատքի եւ յոյսի վկայութիւններ կը ստանամ ձեր ժողովուրդին բազմաթիւ այր մարդոց եւ կանանց կողմէ։ Դա Աստուծոյ զօրութեան նշան է, որ կը յայտնուի աւերումի փլատակներէն ներս։

Գիտակից եմ որ դուք բազմաթիւ կարիքներ ունիք, ըլլայ եկեղեցական ըլլայ մարդասիրական ոլորտներէն ներս։ Դուք Կանչուած էք ծառայելու Քրիստոսին՝ իւրաքանչիւր վիրաւորուած եւ տառապող մարդու մէջ, որ կը դիմէ ձեր համայնքներուն հայցելով շօշափելի օգնութիւն», ըսաւ Լեւոն ԺԴ Պապը Ան ապա Իր մօտիկութիւնը յայտնեց ներկաներուն ու անոնց եկեղեցիներուն հաւատացեալներուն հրաւիրելով միացած մնալու հաւատքի մէջ ։

«Մեր հաղորդութիւնը մեծ խորհուրդ է. սա նաեւ իրական հաղորդութիւն է բոլոր եղբայրներու եւ քոյրերու հետ, որոնց կեանքը խլուած է այս երկրէն բայց ընդունուած Աստուծոյ մէջ։ Անոր մէջ ամէն ինչ կ՝ապրի ու կը գտնէ լիարժէք իմաստը։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը եզրափակեց նշելով «մեզ միշտ կը մխիթարէ այն վստահութիւնը, որ Աստուածամայրը մեր հետ է ու մեզ կ՝առաջնորդէ դէպի Իր Որդին, որ մեր խաղաղութիւն է։ Անոր Մայրական բարեխօսութեամբ կ՝աղօթեմ,  որ խաղաղութիւնը շուտով վերադառնայ ձերը հայրենիքը։

Լեւոն ԺԴ. պատգամը աւարտեց հրաւիրելով ներկաները, որ Ուքրաներէն լեզուով երգեն Հայր Մեր Տէրունական աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2025, 10:57