Որոնել

Լեւոն ԺԴ. եւ Ակոսթինեան միաբանութեան մայրապետները Լեւոն ԺԴ. եւ Ակոսթինեան միաբանութեան մայրապետները  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. «Առանց ճշմարտութեան մշակոյթը հզօրներու գործիք է»

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Յիսուսի եւ Մարիամի աղախիններ, Ակոսթինեան միաբանութեան Քոյրերուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը, շաբաթ, 5 յուլիսին, առաւօտեան, Վատիկանի մէջ ընդունեց Յիսուսի եւ Մարիամի աղախիններ, Ակոսթինեան միաբանութեան Քոյրերը, միաբանութեան ընդհանուր ժողովին աւարտին։

«Ուրախ եմ ձեզ ընդունելու համար ձեր ընդհանուր ժողովին աւարտին. «Այս աղօթքի, զատորոշումի եւ ընդհանուր ծրագրումի շաբթուան մէջ կարողացաք վերանորոգել խարիզմը ձեր հիմնադրուհին նկատմամբ, Աստուծոյ աղախին Քոյր Մարիա Թերեզա Սփինելլի։

Մինչ կը շարունակուի Անոր սրբադասման դատը, կը առաջանայ նաեւ ձեր սրբութեան ուղեւորութիւնը։ Որպէս Յիսուսի եւ Մարիամի աղախիններ՝ Ակոսթինեաններու քոյրեր, ձեզ կը քաջալերեմ, որ դուք ձեզի թոյլ տաք, որ վերստին առաջնորդուիք ձեր կրած անունով։

Իրականութեան մէջ, ձեր ամէն օր մատուցած ծառայութիւնը նախ եւ առաջ իրականացուած է Տիրոջ կեանքի նուիրաբերելու մէջ ու կ՝ամրապնդուի Անոր եւ մեր Մօր անկեղծ ջերմեռանդութեամբ։

Նմանելով Քոյր Մարիա Թերեզային, համբերատար պիտի ըլլաք նեղութիւններուն մէջ, որովհետեւ մեր փորձութիւններուն մէջն է, որ Տէրը կը հաստատէ իր հաւատարմութիւնը. Դուք քաջ եղէք առաքելութեան մէջ, որպէսզի կրթութեան աշխատանքը որուն դուք նուիրուած էք, կազմաւորէ իմաստուն սիրտեր եւ միտքեր, որոնք ունակ են ունկնդրելու եւ մարդկութեան հանդէպ սիրոյ. Դուք պիտի շարունակէք Քրիստոսի հետեւելու, որ «ճանապարհ, կեանք եւ ճշմարտութիւն է , հետեւաբար մեր բոլոր մշակութային նախաձեռնութիւններուն չափանիշը։

Գիտենք, որ ճշմարտութենէն զուտ մշակոյթ մը կը դառնայ հզօրներուն գործիք. Խիղճերը ազատելու փոխարէն՝ այն կը շփոթեցնէ եւ շեղէ անոնց ուշադրութիւնը, համաձայն շուկայի, նորաձեւութեան եւ աշխարհի յաջողութեան շահերուն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու այդ այդ գծով յորդորեց քոյրերը որ մօտիկ ապագային խոկան Սուրբ Օգոստինոսի De Magistro աշխատանքի մասին քաղելով ընդհանուր ժողովին պտուղները։ «Այդ աշխատանքին մէջ Ան կը հաստատէ որ արտաքին ուսուցումը պէտք է յանգեցնէ ներքին Վարդապետին հետ հանդիպումին, որ է Յիսուսը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու պատգամը աւարտեց մաղթելով ամէն բարիք հասարակութեան համար եւ շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2025, 11:11