Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը  (@VATICAN MEDIA)

Լեւոն ԺԴ. Աստուած կը խօսի սիրտին մէջ, ուխտագնացութիւնը Անոր ձայնը լսելու ժամանակ է։

Քահանայապետին պատգամը Իրլանտայի, Անգլիոյ, Կալլէսի եւ Սքովտիոյ մէջ կաթողիկէ դպրոցներու ուսուցիչներու եւ Քոփենհակընի թեմերու երիտասարդներուն , որոնք ուխտագնացութեամբ Հռոմ կը գտնուին Յոյսի նուիրուած յոբելինական Սուրբ Տարուան առիթով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 5 յուլիսին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց Իրլանտայի, Անգլիոյ, Կալլէսի եւ Սքովտիոյ մէջ կաթողիկէ դպրոցներու ուսուցիչները եւ Քոփենհակընի թեմերու երիտասարդները , որոնք ուխտագնացութեամբ Հռոմ կը գտնուին Յոյսի նուիրուած յոբելինական Սուրբ Տարուան առիթով։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց ներկաները մատնանշելով, որ այս տարուան Յոբելինական Սուրբ տարին կեդրոնացած է Յոյսին Աստուածաբանական առաքինութեան վրայ։

«Դուք կը հետեւիք տարբեր երկիրներէն եկած անթիւ ուխտաւորներուն հետքերուն, որոնք դարեր շարունակ այս նոյն ուխտագնացութիւնը կատարեցին դէպի յաւերժական քաղաք», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով «Հռոմը, միշտ եղած է Քրիստոնեաներուն համար առանձնայատուկ տուն, քանի որ ան այն վայրն է ուր Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալները Յիսուսի հանդէպ իրենց բարձրագոյն վկայութիւնը տուին՝ զոհաբերելով իրենց կեանքը։ Որպէս Սուրբ Պետրոսի յաջորդը, կը փափաքիմ յայտնել իմ երախտագիտութիւնս ձեր ներկայութեան համար եւ կ՝աղօթեմ, որպէսզի այցելելով տարբեր սուրբ վայրերը, ոգեշնչուիք եւ յոյս ստանաք այն խոր օրինակէն, թէ ինչպէս Սուրբերն ու նահատակները նմանեցան Քրիստոսին», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելովոր, «Ուխտագնացութիւնը կարեւոր դեր ունին մեր հաւատքի կեանքին մէջ, որովհետեւ մեզ կը հեռացնէ մեր տուներէն եւ առօրեայէն եւ ժամանակ եւ վայր է, Աստուծոյ հետ խորապէս հանդիպելու համար։ Նման պահերը միշտ կ՝օգնեն մեզ աճելու, քանի անոնց միջոցաւ Սուրբ Հոգին մեզ նուրբօրէն կը ձեւակերպէ ՝ աւելի համապատասխանելու Յիսուս Քրիստոսի մտքին ու սիրտին»։

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն ըսաւ»

«Սիրելի երիտասարդներ յիշեցէք, որ Աստուած ձեզ ստեղծեց, այս կեանքի մէջ նպատակով մը եւ առաքելութեամբ։ Հետեւաբար օգտուեցէք այս ունկնդրելու եւ աղօթելու հնարաւորութենէն, որպէսզի աւելի յստակ լսէք Աստուծոյ ձայնը որ ձեզ կը կանչէ ձեր սիրտին խորքին մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ բաց եղէք թոյլ տալու, որ Իր շնորհքը զօրացնէ ձեր հաւատքը Քրիստոսի հանդէպ, որպէսզի կարողանաք զայն աւելի դիւրինութեամբ կիսել ուրիշներուն հետ», ըսաւ Ան։
Քահանայապետը ապա խօսքը ուղղեց ուսուցիչներուն ըսելով.

«Սիրելի ուսուցիչներ, արդեն ինչ, որ ըսի երիտասարդներուն նոյնը նաեւ կը վերաբերի ձեր հետ, յատկապէս հաշուի առնելով ձեր կարեւոր դերը երեխաներու դաստիարակութեան գործին մէջ, քանի անոնք ձեզի կը դիտեն, որպէս հաւատքի օրինակներ, յատկապէս ձեր ուսուցչութեան եւ ապրելակերպին մէջ։ Յոյսով եմ որ դուք ամէն օր կը զարգացնէք ձեր յարաբերութիւնները Քրիստոսին հետ, որպէսզի դուք ալ ձեր կարգին կարողանաք առաջնորդել եւ քաջալերել բոլոր անոնք որոնք ձեր հոգատարութեան վստահուած են՝ Հետեւելու Քրիստոսին իրենց կեանքին մէջ։

Քահանայապետը խօսքը եզրափակելով ըսաւ.

Մինչ բոլորդ տուն կը վերադառնաք կը խնդրեմ յիշել, որ ուխտագնացութիւնը չի աւարտիր, այլ ամէն օր իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ «առաքելութեան ուխտագնացութեան» վրայ։ Սա անշուշտ դիւրին չէ, այլ Տիրոջ օգնութեամբ, Սուրբերու բարեխօսութեամբ եւ իրարու քաջալերելով, կրնաք վստահ ըլլալ որ ինչքան հաւատարիմ կը մնաք՝ միշտ վստահելով Աստուծոյ ողորմութեան, այս ուխտագնացութեան փորձառութիւնը պիտի շարունակէ պտուղ բերել ձեր ողջ կեանքին ընթացքին։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց հայցելով Աստուածամօր, Եկեղեցւոյ Մօր բարեխօսութիւնը եւ շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2025, 10:22