Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Արեւելեան եկեղեցիներուն Յոբելեանի առթիւ։ Լեւոն ԺԴ. Պապը Արեւելեան եկեղեցիներուն Յոբելեանի առթիւ։  (@VATICAN MEDIA)

Լեւոն ԺԴ. Պապը Փիթսպուրկի Բիւզանդական եկեղեցւոյ. Դուք հաւատքի հարուստ ժառանգութիւն ունիք։

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Փիթսպուրկի մէջ Բիւզանդական Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ գումարուած երրորդ ժողովին մասնակիցներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 19 յուլիսին, Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամով մը իր ողջոյնները փոխանցեց Փիթսպուրկի մէջ Բիւզանդական Կաթողիկէ եկեղեցւոյ երրորդ ժողովին մասնակիցներուն, որ գումարուած է Մեթրոպոլիթ արք Ուիլյամ Սկուրայի եւ Hierarchs խորհուրդի կողմէ ու տեղի կ՝ունենայ Իտնիանա Նահանգի Ուայթինգ քաղաքի Սուրբ Մարիամ Եկեղեցւոյ մէջ։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը գրեց թէ վերոյիշեալ ժողովը զոր տեղի կ՝ունենայ «Եկէք, երկրպագենք եւ խոնարհինք Քրիստոսի առջեւ» խորագիրի ներքոյ անգնահատելի հնարաւորութիւն կ՝ընձեռէ միութեան մէջ աճելու եւ Տիրոջ հանդէպ Նուիրուածութիւնը վերահաստատելու համար։

Քահանայապետը պատգամին մէջ նկատել տուաւ, որ վերոյիշեալ կղերական դասի անդամները իրենց ծիսական արարողութիւններուն, աղօթքի խորհրդածութիւններուն եւ եղբայրական երկխօսութեան միջոցաւ կը վերանորոգեն իրենց հաւատարիմ վկայութիւնը Քրիստոսի հանդէպ եւ կը խորացնեն Աւետարանի իրենց քարոզչութիւնը Բիւզանդական Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հարուստ աւանդութիւններուն մէջ։

Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ Հոգեւորականներու, կրօնական եւ աշխհարական հաւատացեալներուն, Թորոնթոյի Էքզարկութեան եւ Արեւելեան եկեղեցիներու վերատեսչութեան ներկայացուցիչներուն հետ մասնակցութիւնը եկեղեցիէն ներս տեսանելի նշան կը ներկայացնէ։

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Բիւզանդական Կաթողիէկ եկեղեցւոյ նախնիներուն վկայութեան համար, որոնք Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ կառուցեցին կենսունակ Բիւզանդական համայնքներ, տարբեր մարտահրաւէրներուն եւ անորոշութեան պայմաններուն մէջ։

«Անոնց ժառանգութիւնը կը շարունակուի ձեր հովուական ծառայութեան վերանորոգումի քաջարի գիրկին մէջ, որ արմատաւորուած է ձեր ժառանգութեան հաւատարմութեան մէջ։

Քահանայապետը պատգամը աւարտեց ապահովուելով իր հոգեւոր մօտիկութիւնը բոլորին, յանձնելով անոնց հանդիպումը Աստուածամօր բարեխօսութեան ինչպէս նաեւ փոխանցելով իր առաքելական օրհնութիւնը արքեպիսկոպոսարանի բոլոր անդամներուն վրայ՝ որպէս իմաստութեան, ուրախութեան եւ խաղաղութեան գրաւական Տիրոջ մէջ ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2025, 11:09