Կ՝աղօթեմ հալածուած քրիստոնեաներուն համար։ Դիւանագիտութիւնը պէտք է ըլլայ հակամարտութիւնները լուծելու միջոց։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 30 յուլիսին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կատարած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Պապ տարբեր լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները ապա կոչ յղեց իր խոր ցաւակցութիւնը յայտնելով Քոնկոյի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումին համար, որուն զոհ դարձան նաեւ աւելի քան 40 քրիստոնեաներ։ Կոչին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.
«Իմ խոր ցաւակցութիւնս կը յայտնեմ, յուլիս 27-28 լուսցող գիշերը, Քոնկոյի հանրապետութեան արեւելքը գտնուող Քոմանտա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած դաժան ահաբեկչական յարձակումին համար, որուն ընթացքին եկեղեցւոյ մէջ աղօթքի հսկումի ժամանակ եւ իրենց բնակարաններուն մէջ սպաննուեցան քառասունէ աւելի քրիստոնեաներ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Ան ապա վստահելով զոհերու հոգիները Աստուծոյ ողորմածութեան, ապահովուեց իր աղօթքը վիրաւորներուն, աշխարհի քրիստոնեաներուն համար,« որոնք շարունակ կը տառապին բռնութիւններէն եւ հալածանքներէն», ու յորդորեց բոլոր անոնք որոնք պատասխանատուութիւնը ունին տեղական եւ միջազգային մակարդակի վրայ, համատեղ աշխատելու նմանատիպ ողբերգութիւնները կանխելու համար։
Կոչին մէջ Քահանայապետը յիշեց Հելսինքիի եզրափակիչ յայտարարութեան ստորագրութեան յիսուն ամեակը։
«Մէկ օգոստոսին, կը նշուի Հելսինքիի եզրափակիչ յայտարարութեան ստորագրութեան յիսուն ամեակը։ Պաղ պատերազմի միջավայրէն ներս անվտանգութիւնը ապահովուելու փափաքէն մղուած՝ 35 երկիրներ, աշխարհաքաղաքական դարաշրջան սկսան ՝ խթանելով Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ մերձեցումը։ Այս իրադարձութիւնը նաեւ նշանաւորեց մարդու իրաւունքներուն նկատմամբ վերանորոգուած հետաքրքրութիւն՝ յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերելով կրօնական ազատութեան, որ համարուած է Վանքուվերի մինչեւ Վլատիվոսթոքի միջեւ համագործակցութեան՝ այն ժամանակուան նորաստեղծ ճարտարապետութեան հիմքերէն մէկը»։
Հելսինքիի եզրափակիչ յայտարարութեան գծով, Նորին Սրբութիւն նկատել տուաւ որ «Սուրբ Աթոռը գործօն մասնակցութիւնը բերաւ Հելսինքքի Համաժողովին՝ ներկայացուած Արք. Ակոսթինոս Քազարոլի կողմէ, որ նպաստեց խաղաղութեան նկատմամբ քաղաքական եւ բարոյական յանձնառութեան խթանման։ «Այսօր, աւելի քան երեւէ, կարեւոր է պահպանել «Հելսինքիին ոգին», յամառօրէն շարունակել երկխօսութիւնը, ամրապնդել համագործակցութիւնը՝ դիւանագիտութիւն դարձնելով հակամարտութիւններուն կանխարգիլման եւ լուծման նախընտրելի միջոց»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
