Լեւոն ԺԴ. Ժողովուրդները խաղաղութիւն կը ցանկան, երկխօսութիւնը թող փոխարինէ զէնքերուն բռնութիւնը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կիրակին, 6 յուլիսին, կէսօրին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին եւ օրուան խորհրդածութիւնը ներկայացնելէ ետք ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող Իտալացի եւ օտարերկրեայ բազմաթիւ ուխտաւորները։
Նորին Սրբութիւնը ողջունելով Հռոմէն, Իտալիայէն եւ տարբեր երկիրներէն ժամանած հաւատացեալները նշեց, որ «Այս շատ տաք ժամանակաշրջանին, Սուրբ Դուռերէն անցնելու ձեր ուղեւորութիւնը շատ քաջ եւ հիացմունքի արժանի է», ըսաւ Քահնայապետը ապա ողջունեց Սիրտ Յիսուսի Ֆրանչիսկեան Քոյրերը, Լեհաստանի Լէկնիքա թեմի հաւատացեալները, Սթրզիվզով դպրոցի սաներն ու անոնց ընտանեկան պարագաները, ինչպէս նաեւ Ուքրանացի Յոյն Կաթողիկէ խումբ մը հաւատացեալները։
Լեւոն ԺԴ. Պապը ապա Անգլերէն լեզուով ողջունեց Անգլիախօս ուխտաւորները Իր անկեղծ ցաւակցութիւնները յայտնելով, բոլոր այն ընտանիքներուն որոնք կորսնցուցին իրենց սիրելիները, մասնաւորապէս իրենց զաւակները, որոնք մասնակցած էին ամառնային ճամբարի ու թիրախ դարձան Ամերիկայի Թեքսաս նահանգի մէջ գետի ողողումի բնական աղէտին։ «Մենք կ՝աղօթենք Անոնց համար», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
«Սիրելիներ խաղաղութիւնը բոլոր ժողովուրդներուն փափաքն է, դա պատերազմներէն տանջուած անձերուն ցաւալի ճիչն է ։ Տիրոջմէ խնդրենք որ դպչի սիրտերուն եւ ներշնչէ կառավարութիւններուն միտքերը, որպէսզի զէնքի բռնութիւնը փոխարինուի երկխօսութեան որոնումով» ըսաւ Քահանայապպետը ապա պատգամը աւարտեց յայտնելով, որ «Այսօր յետմիջօրէին պիտի մեկնի Քասթել Կանտոլֆօ, ուր պիտի մնայ կարճ ժամանակ՝ հանգստանալու համար, մաղթելով բոլորին բարի արձակուրդ՝ հոգին եւ մարմինը լիցքաւորուելու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
