Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. «Կապուած մնացէք Քրիստոսի հետ»

Լեւոն ԺԴ Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Ֆրանսայէն նորահաւատ եւ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի թեկնածուները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 29 յուլիսին, Լեւոն ԺԴ Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Ֆրանսացի Նորահաւատ եւ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի թեկնածուները։ Արտասանած. Պատգամին մէջ քահանայապետը մեծ ուրախութեամբ ողջունեց ներկաները, Հռոմ կատարած Յոյսի ուխտագնացութեան համար, ինչպէս նաեւ ողջունեց խումբին ընկերացող ,գերպ Ժան Ֆիլինփ Նոլը, մատրանապետներն ու կրօնուսուցիչները։

«Գեղեցիկ է տեսնել երիտասարդներ, որոնք նուիրուած են իրենց հաւատքին մէջ, որոնք կը փափաքին իմաստ հաղորդել իրենց կեանքին՝ թոյլ տալով, որ առաջնորդուին Քրիստոսի եւ Աւետարանի կողմէ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադառնալով Մկրտութեան խորհուրդին նշեց որ «Մկրտութիւնը մեզ կը դարձնէ Աստուծոյ ընտանիքի անդամներ, Անոր պարգեւը, որ մեզ կը փրկէ եւ կը մտցնէ Քրիստոսի հետ հաղորդութեան մէջ, զգեցնելով մեզ իրմով (Գաղատացի 3։27):

Լեւոն ԺԴ. Պապը նշեց, որ Մկրտութեան խորհուրդը մեզի կեանք կու տայ ու կը հրաւիրէ վկայելու Քրիստոսը աշխարհին մէջ պահպանելով հաւատքի լոյսը Բանի եւ Սուրբ Հաղորդութեան ունկնդրութեամբ։ «Մկրտութեան մոմը կը խորհրդանշէ այս լոյսը, որ մենք պէտք ենք պահպանել», ըսաւ Քահանայապետը ու մէջերեց Սուրբ Պօղոսը այն խօսքը որ Քրիստոսի մէջ զգեցած ենք, ինչպէս նաեւ Սուրբ Ամպրոճիոյի հրաւէրը ամէն ինչ ապրելու Քրիստոսի համար, Անոր մէջ գտնելով բոլոր կարիքներն եւ յոյսը։

«Հետեւելով Տիրոջ, դուք երկրի աղն ու լոյսը կը դառնաք(Մատթ 5, 13-14), կանչուած ուրախութեամբ վկայելու հաւատք եւ օգնելու ուրիշներուն», ըսաւ Սրբազան հայրը ու ընդգծեց որ նորահաւատներու, Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի պատրաստուող անձերու ուղեւորութիւնը չվերջանար Մկրտութեան խորհուրդով, այլ կը տեւէ ամբողջ կեանքը՝ ուրախութեան եւ փորձութեան պահերով, ինչպէս կ՝ըսէ Սուրբ Օգոստինոսը « Քրիստոսը մեր յոյսն է , մեր հայրենիքն ու առաջնորդը։

Քահանայապետը հրաւիրեց կիսելու Քրիստոսի սէրը ապրելով հաւատքը շօշափելի կերպով, որովհետեւ «Աստուած միշտ ձեր հետն է» (Ես 41, 10).
Կարեւոր նկատեց աղօթելը, սուրբ խորհուրդները ընդունիլը, մասնաւորապէս Խոստովանանքի խորհուրդը ինչպէս նաեւ հասարակութեան մէջ ապրիլը։

Լեոն ԺԴ. Պապը պատգամը եզրափակեց նշելով, որ Քրիստոսի իսկական հաւատարմութիւնը կու գայ անձնական ընտրութեան միջոցաւ այլ ոչ թէ սովորութենէ, ամէն օր լսելով եւ վկայելով Անոր մասին։ Քահանայապետը խօսքը աւարտեց ըսելով. «Ձեր տառապանքներուն, մենակութեան եւ դժուար պահերուն, թիւրըմբռնումներուն եւ յոգնութիւններուն մէջ թող ձեր սիրտերը արմատ գտնեն «Անոր մէջ, ով «ճանապարհ է ճշմարտութիւն եւ կեանք, ամէն խաղաղութեան, ուրախութեան եւ սիրոյ աղբիւր» Յովհ. 14։6)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2025, 10:54