Որոնել

Ֆրանսա, սկաուտներ Ֆրանսա, սկաուտներ  (AFP or licensors)

Քահանայապետը հրաւիրեց բնապահպանական հարցերու դիմաց լսել Երկրի ճիչերը

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Ֆրանսայի սկաուտներուն, «ճիչեր» վերնագիրով հաւաքի կապակցութեամբ։

Վազգէն Աբարդեա - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամ մը յղեց Ֆրանսայի սկաուտներուն, «ճիչեր» վերնագիրով հաւաքի կապակցութեամբ, որուն մէջ իր ջերմ ողջոյնները փոխանցեց Ֆրանսային սկաուտներուն «ճիչեր» հաւաքի կապակցութեամբ ու ընդգծեց աւելի արդար եւ կայուն աշխարհի մասին մտածելու կարեւորութիւնը՝ ունկնդրելով Երկրի ճիչը։

Պատգամին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն միջոցառումին համար, որ ունի որպէս նպատակ է խթանելվ շրջակայ միջավայրի եւ ընդհանուր բարիքի գործին մէջ փոփոխութիւններ կատարաող գործակալներ՝ խաղերու, քննարկումներուն, ընկերային եւ բնապահպանական հարցերուն շուրջ մտորումներով։

Քահանայապետը ընդգծեց արարչագործութեան աղաղակը լսելու կարեւորութիւնը՝ ապականութեան, կլիմային փոփոխութեան, կենսաբազմազանութեան կորուստի, անհաւասարութիւններուն, ընկրեային անկումի հարցերուն առջեւ։ Այս գծով Նորին Սրբութիւնը կոչ ըրաւ բնապահապանութեան կրթութեան, արմատաւորուած ըլլալով խոնարհութեան, ծառայութեան եւ Քրիստոսի հետ յարաբերութիւններուն քրիստոնէական արժէքներուն վրայ, որոնք կը խթանեն ներքին փոփոխութիւն ինչպէս նաեւ բնութիւն յարգող ապրելակերպ։

Պատգամին մէջ քահանայապետը ընդգծեց երիտասարդներուն մշակութային ընկերային բազմազանութենէն բախող հարստութիւնը , հրաւիրելով երիտասարդները ըլլալու եղբայրութեան, խաղաղութեան եւ արդարութեան դեսպանները, առաջ տանելով Աւետարանի պատգամը։

Անդրադառնալով ապա Սուրբ Դրոշմի Խորհուրդին, Քահանայապետը յիշեցուց, որ այդ դրոշմով հաւատացեալները կը ստանան Սուրբ Հոգին ու կը կանչուին վկայելու հաւատքը եւ յաձնառու դառնալու աշխարհին, մէջ յոյսով, առանց յուսահատելու եւ վստահելով Աստուծոյ Սիրոյ, ապաւինելով Սուրբ Գէորգի եւ Տիրամօր։ Քահանայապետը պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը եւ քաջալերելով երիտասարդները կառուցելու անձերու միջեւ կամուրջները ինչպէս նաեւ լաւագոյն աշխարհի մը համար մշակոյթներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2025, 11:45