Որոնել

Papa Leone ha ricevuto il presidente algerino Tebboune

Սրբազան Պապը ընդունեց Ալճերիոյ նախագահը

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը վերսկսաւ Վատիկանի մէջ իր հանդիպումները
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը` որ անցեալ վեց Յուլիսէն մինչեւ 22 Յուլիս փոխադրուեցաւ Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարային պալատ, ուր անցուց հանգիստի ու աշխատանքային շրջան մը այնտեղ եւս հանդիպումներ ունենալով զանազան անձնաւորութիւններու ու խումբերու հետ, այսօր 24 Յուլիսին Վատիկանի առաքելական պալատէն ներս ընդունեց Յիսուսեան Հայր Քրիսթոպալ Ֆոնէսը` որ միջազգային տնօրէնն է Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային ցանցին ապա Վատիկանի մէջ հիւրընկալեց Ալճերիայի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Ապտելմաժիտ Թեպպունէն ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։

Նորին Սրբութեան Ալճերիոյ Ժողովրդավարական հանրապետութեան նախագահին հետ ունեցած հանդիպումին առնչութեամբ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց որ Նախագահը Քահանայապետին հետ հանդիպելէն ետքը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու ու Միջազգային կազմակերպութիւններու գրասենեակի բազմակողմանի բաժանմունքի ենթաքարտուղար Գերպ. Տանիել Փաքոն։

«Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ զրոյցի ընթացքին ընդգծուեցաւ Սուրբ Աթոռի և Ալճերիոյ միջև լաւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու կարևորութիւնը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաև երկրին մէջ եկեղեցւոյ կեանքի որոշակի ոլորտներու մասին» կը կարդանք Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ ուր նաեւ նշուած է որ «խօսակցութիւններու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ աշխարհաքաղաքական իրավիճակի, ինչպէս նաև միջկրօնական երկխօսութեան և մշակութային համագործակցութեան կարևորութեան` աշխարհի խաղաղութեան և եղբայրութեան կառուցման գործին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2025, 14:37