Քահանայապետի եւ Նեթանիահուի միջեւ հեռախօսազրոյց. Լեւոն ԺԴ. Թող վերջ դրուի պատերազմին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Այսօր առաւօտեան Քահանայապետը Քասթել Կանտոլֆոյի իր բնակարանին մէջ ստացաւ Իսրայէլի Վարչապետ Պենժամին Նեթանիահուի մէկ հեռաձայնը, ««Երեկ Կազայի Սուրբ Ընտանիք եկեղեցւոյ վրայ Իսրայէլի ռազմական յարձակումէն յետոյ, որուն հետևանքով զոհուեցան երեք մարդ, իսկ միւսները վիրաւորուեցան որոնցմէ մի քանիները ծանր վիճակով»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։
Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Լևոն ԺԴ.-ը «նորոգեց իր կոչը՝ որպէսզի բանակցային գործընթացին նոր թափ տրուի եւ ձեռք բերուի հրադադարը և պատերազմին դադարեցումը»։ Սրբազան Պապը ապա «մտահոգութիւն յայտնեց Կազայի բնակչութեան մարդասիրական ողբերգական իրավիճակին ի տես, որուն ծանր գինը կը վճարեն յատկապէս մանուկները, տարեցները և հիւանդները»։
Ի վերջոյ, կը կարդանք վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ, Սրբազան Պապը «վերանորոգեց հրատապութիւնը պաշտպանելու պաշտամունքի վայրերը ու յատկապէս հաւատացեալները եւ Պաղեստինի ու Իսրայէլի բոլոր մարդիկը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
