Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը եւ Պազ Օլտրին Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը եւ Պազ Օլտրին 

Քահանայապետը զրուցեց Պազ Օլտրինի հետ, Լուսնի վրայ վայրէջքի 56-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ։

«Ափոլլօ 11» առաքելութեան անդամ, տիեզերագնացի հետ Քահանայապետը յիշեց լուսնի վրայ վայրէջքի պատմական սխրանքը՝ մարդկային հնարամտութեան վկայութիւնը եւ խորհրդածեց Արարչագործութեան մասին։ Քահանայապետը օրհնեց Օլտրինը, անոր ընտանիքն ու համագործակիցները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Ափոլլօ 11» ի լուսնի վրայ վայրէջքէն 56 տարի ետք, Լեւոն ԺԴ. Պապը կիրակի, 20 յուլիսին, երեկոյեան լսատեսողական կապի միջոցաւ զրուցեց տիեզերագնաց Պազ Օլտրինի հետ։ Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակը՝ տեղեկացնելով, որ Քահանայապետը Օլտրինին հետ կիսեց «մարդկային հնարամտութեան վկայութեամբ պատմական սխրանքի յիշատակը։

Թիւ 8 Սաղմոսի բառերով խորհրդածեցին Արարչագործութեան խորհուրդի, Անոր մեծութեան եւ փխրունութեան մասին։հեռախօսազրոյցի աւարտին, Քահանայապետը օրհնեց տիեզերագնացը, անոր ընտանիքն ու համագործակիցները։

Նշենք, թէ պաշտօնական «Իքս» ընկերային ցանցին վրայ Օլտրինը գրառումով մը նշեց, որ շատ երախտապարտ եւ յուզուած զգաց ստանալով Լեւոն ԺԴ Պապին օրհնութիւնը։ «Ինչ մեծ պատիւ է։ Աղօթեցինք ողջ մարդկութեան առողջութեան, երկարակեցութեան եւ բարգաւաճման համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2025, 14:16